ԱՆԳԱՐԱ, «Առ.Թի.».- Թուրքիա մտադիր չէ հրաժարիլ Ռուսիայէն «Էս. 400 Թրիամֆ» տիպի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր ձեռք բերելու գաղափարէն, յայտնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, Անգարայի մէջ տեղի ունեցած տնտեսական համաժողովի մը ընթացքին։
Էրտողան այս յայտարարութիւնը կատարած է Միացեալ Նահանգներու կողմէ Մոսկուայի դէմ հաստատուած նոր պատժամիջոցներու լոյսին տակ՝ աւելցնելով, որ Մոսկուա-Ուաշինկթըն սրող հակամարտութիւնը ազդեցութիւն պիտի չունենայ Անգարայի քայլերուն վրայ։