Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կառավարման խորհրդարանական համակարգի անցումը թոյլ պիտի տայ իրականացնելու ժողովրդավարական վերափոխումներ եւ աւելի արագ քայլերով զարգացնելու Հայաստանի տնտեսութիւնը:
Այս մասին, ըստ «Արցախփրէս»ի՝ ռուսական «Իզվեսթիա» թերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին, ըսաւ Հայաստանի երրորդ նախագահ, Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան վարչապետի թեկնածու Սերժ Սարգսեան:
«Իրականութեան մէջ մենք արդէն քանի մը օր է ի վեր կ՛ապրինք խորհրդարանական հանրապետութեան մէջ: Վաղը պատգամաւորները պիտի ընտրեն վարչապետ: Այդպիսով, պիտի ձեւաւորուին երկրի կառավարման բոլոր հիմնական օրգանները: Հայաստանի մէջ սահմանադրական փոփոխութիւնները սկսան 2005ին (2005ին իրականացած հանրաքուէով ներդրուեցան զսպումներու եւ հակակշիռներու մեքենականութիւններ, նշանակալիօրէն կրճատուեցան նախագահի լիազօրութիւնները, իսկ Ազգային ժողովի դերը ընդլայնեցաւ-Խմբ.): 2007էն անոնք օրինական ուժի մէջ մտան:
Երկար ժամանակ աշխատելով պետական կառավարման բարձր պաշտօններով, ներառեալ վարչապետի ու նախագահի պաշտօններով, մենք, գործընկերներուս հետ, եկանք այն եզրակացութեան, որ կիսանախագահական կառավարման ձեւաչափը կ՛ընդգրկէ մեծ սպառնալիքներ, որովհետեւ անիկա հաւասարակշռուած չէ», բացատրեց Սերժ Սարգսեան: Ան ընդգծեց, որ եղած էր այնպէս, որ նախագահը մեծ պատասխանատուութիւն կը կրէր երկրի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, անվտանգութեան ապահովման հարցերուն մէջ, սակայն չունէր համապատասխան լիազօրութիւններ, որպէսզի կեանքի կոչեր սահմանադրութեամբ նախատեսուած պարտականութիւնները:
«Վերադարձը կառավարման նախագահական համակարգի դրականօրէն չէր ընկալուեր մեր հասարակութեան մէջ: Չէ որ 2008ի նախագահի ընտրութիւնները անցան ոչ-հարթ: Գրեթէ բոլոր քաղաքական ուժերը կը պահանջէին փոխել կառավարման համակարգը խորհրդարանականի: Պատասխանելով այդ փափաքներուն՝ մենք որոշեցինք հաւասարակշռել երկրի քաղաքական կառուցուածքը, որ այժմ ուշադրութիւն կը գրաւէ խորհրդարանի ուժեղ օրէնսդրական իշխանութեամբ, որուն դիմաց կառավարութիւնը լիարժէք պատասխանատւութիւն կը կրէ: Կը կարծեմ, որ կառավարման այս ձեւը առաւել կերպով կը համապատասխանէ հայկական իրականութեան, մեր ժողովուրդի մտայնութեան: Անիկա թոյլ պիտի տայ իրականացնելու ժողովրդավարական վերափոխումներ եւ աւելի արագ քայլերով զարգացնելու Հայաստանի տնտեսութիւնը», ըսաւ Սարգսեան: