ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, «Թերթ».- ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ, քաղաքագիտութեան դոկտոր Վիգէն Յովսէփեան, «Թերթ»ի լրագրողին հետ իր ունեցած զրոյցի ընթացքին խօսելով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայաստանին տրամադրուող օգնութեան մասին՝ մատնանշեց, որ տակաւին վերջնական պիւտճէ եւ հետեւաբար նաեւ Հայաստանին տրամադրուող օժանդակութեան վերջնական չափ գոյութիւն չունի:
«Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ներքին քաղաքական գործընթացներուն բերումով, Քոնկրեսի ներքին պայքարները պատճառ դարձան, որ Մարտ ամսուն ամբողջական պիւտճէ չհաստատուի», ըսաւ դոկտ. Յովսէփեան:
Նշենք, որ Ամերիկայի կառավարութիւնը հրապարակած է 2019ի արտաքին օժանդակութեանց համար նախատեսուող նախնական պիւտճէ: Ըստ հրապարակուածին՝ կը նախատեսուի Հայաստանին տրամադրել 6 միլիոն տոլար, Ատրպէյճանին՝ 4 միլիոն, իսկ Վրաստանին՝ 31 միլիոն:
Հայաստան 2017ին ստացած էր 25 միլիոն տոլարի աջակցութիւն:
Ըստ դոկտ. Յովսէփեանի՝ պիւտճէի հարցով հանրապետականներուն եւ դեմոկրատներուն միջեւ առաջնահերթութիւններու հետ կապուած անհամաձայնութիւնները հասած են այն աստիճանի, որ վարչամեքենան գրեթէ անդամալոյծ դարձած էր։ «Մինչ բանակցութիւնները կը շարունակուին, Քոնկրեսը քուէարկեց ժամանակաւոր եւ սահմանափակ պիւտճէ, որ ուժի մէջ է միայն մինչեւ 2018ի աշունը: Մինչեւ աշուն պէտք է քուէարկուի արդէն վերջնական պիւտճէն: Հետեւաբար, հիմա որեւէ վերջնական պատկերացում կարելի չէ ունենալ Հայաստանին տրամադրուելիք օժանդակութեան մասին», յայտնեց դոկտ. Յովսէփեան:
Ան նաեւ նկատել տուաւ, որ Թրամփի վարչակարգը ընդհանրապէս նուազեցուցած է արտաքին օժանդակութիւնը:
«Ասիկա նախագահին կողմէ բազմիցս յայտարարուած վարքագիծ է, եւ անկասկած իր հետեւանքը պիտի ունենայ Հայաստանին տրամադրուելիք գումարին վրայ, երբ այդ գումարը յստականայ», նշեց ան:
Դոկտ. Յովսէփեան նաեւ նկատել տուաւ, թէ Ամերիկայի արտաքին օժանդակութիւնը դիտարկելու ընթացքին մէկ այլ իրողութիւն պէտք է հաշուի առնել. այսօր, աւելի քան երբեք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քաղաքական շրջանակներուն մէջ կայ համոզում, որ պէտք է աւելի պահանջկոտ ըլլալ տրուած օժանդակութիւններուն դիմաց:
«Այդպիսի մօտեցում միշտ ալ եղած է, բայց նախագահ Թրամփը աննախադէպ ալիքի հասցուց այն համոզումը, թէ պետութիւնները կը շահագործեն Ամերիկայի առատաձեռնութիւնը եւ մեծահոգութիւնը, եւ թէ այսուհետեւ պէտք է աւելի շատ հաւատարմութիւն պահանջել այն երկիրներէն, որոնք օժանդակութիւն կը ստանան: Այստեղ է, որ հայկական քաղաքականութիւնը մեծ գործ ունի կատարելու», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ «հայկական» կ՛ըսէ եւ ոչ՝ «Հայաստանի քաղաքականութիւն», որովհետեւ մեծ աշխատանք պէտք է տանի նաեւ ամերիկահայութիւնը:
Դոկտ. Յովսէփեան նշեց, որ ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններու «շիկացող» պայմաններուն տակ, հայկական կողմը բարդ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ, բայց բարդ իրավիճակներու մէջ նաեւ կը յայտնուին աննախադէպ հնարաւորութիւններ, զորս կարելի է նուրբ կերպով օգտագործել:
«Պարզ եւ դիւրին նաւարկում չէ, բայց չմոռնանք, որ քաղաքականութիւնը «կարելիի արուեստն է», եւ մենք՝ իբրեւ հայկական կողմ, ունինք իւրայատուկ միջոցներ: Կասկած չկայ, որ Ուաշինկթըն այն համոզումը ունի, թէ Հայաստանը ամբողջականօրէն անցած է ռուսական բեւեռ, եւ ասիկա կը շահարկուի փրօ-թրքական եւ փրօ-ատրպէյճանական բեւեռներու կողմէ, բայց ատիկա մեզի համար պէտք չէ նորութիւն ըլլայ: Նման ազդեցութիւններու տակ նաւարկած ենք երկու տասնամեակ, այսուհանդերձ Ամերիկա տրամադրած է հարիւրաւոր միլիոններու օժանդակութիւն», եզրակացուց դոկտ. Յովսէփեան: