ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Գերմանիոյ Ձախակողմեան կուսակցութեան քրտական ծագումով երեսփոխան Էվրիմ Սոմեր, Գերմանիոյ խորհրդարանին վաւերացուցած եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին դէմ բողոքի ցոյցեր կազմակերպելու կապակցութեամբ Էրտողանի կողմէ կատարուած յանձնարարութեան հակադարձելով՝ յայտնեց, որ այդպիսի միջամտութիւններ բացարձակապէս ընդունելի չեն Գերմանիոյ մէջ։
Սոմեր շեշտեց, որ օտար երկիրներու կառավարութիւններ, իրենց շահերէն մեկնելով՝ Գերմանիոյ քաղաքական ներքին որոշումներուն վրայ ազդեցութիւն գործելու իրաւունք չունին։ Ան այս առիթով շեշտեց, որ Գերմանիոյ մէջ գործող «Գերմանաբնակ օսմանցիներ» կազմակերպութիւնը բացէ ի բաց սկսած է գործելու իբրեւ Թուրքիոյ կառավարութեան ներկայացուցիչը։
Սոմեր հետեւեալը ըսաւ. «Մամուլի մէջ տեղ գտած լուրերուն համաձայն, այստեղ ապրող թուրք ծագումով հայրենակիցներ բողոքի ցոյց կազմակերպելու ճիգ կը տանին, որպէսզի դէմ գան խորհրդարանին վաւերացուցած այն որոշումին, որ կ՛ընդունի, թէ 1915-1916 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայերու դէմ ցեղասպանութիւն գործադրուած է։ Հայոց դէմ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը խորապէս պրպտումի ենթարկուած պատմական իրողութիւն մըն է եւ այս իրողութիւնը այսուհետեւ պէտք չէ ուրացուի»։
Սոմեր այս առիթով յայտնեց, որ Թուրքիոյ պետութիւնը եւ Թուրքիոյ մէջ տիրող քաղաքականութիւնը կը շարունակեն ընդդիմանալ անցեալին հետ առերեսուելու կոչերուն։ Պետութեան կողմէ ազգայնապաշտութիւնը կը հրահրուի եւ հարցերը մինչեւ այսօր կը շարունակուին՝ ձգելով կործանարար հետեւանքներ։