ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Իսրայէլի հանրային ապահովութեան նախարար Կիլատ Էրտան քննադատած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ կատարուած հակաիսրայէլեան նորագոյն յայտարարութիւնները՝ զայն անուանելով «հակասեմական»:
Ըստ «Ճերուզալէմ Փոսթ»ի՝ ան նաեւ ըսած է, որ Իսրայէլ պէտք է մինչեւ հիմա ճանչցած ըլլար Օսմանեան կայսրութեան օրերուն տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ աւելցնելով, թէ Իսրայէլ պէտք է միջազգային հարթակի վրայ քայլերու ձեռնարկէ Թուրքիոյ դէմ, որովհետեւ վերջինս կ՛աջակցի պաղեստինեան «Համաս» կազմակերպութեան։
Թերթը իր կարգին նշած է, թէ հակառակ անոր որ Իսրայէլ ունի բաւական մեծ հայկական համայնք, պետութիւնը տակաւին չի ճանչնար 1915-1917ին տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը: