ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- 2017ին, Հայաստանի փոխադրամիջոցներու եւ կապի ոլորտին մէջ իրականացած է շուրջ 181.7 միլիոն տոլարի ներդրում: Այս մասին նախագահ Սերժ Սարգսեանին զեկուցած է փոխադրամիջոցներու, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեանց նախարար Վահան Մարտիրոսեան:
Ըստ նախարարին, ընդհանուր ներդրումներէն շուրջ 70 միլիոն տոլարը մասնաւոր ներդրումներ են՝ ուղղուած ելեկտրոնային հաղորդակցութեան ոլորտին, ցանցերու վերազինման եւ արդիականացման: