ԱՌԻ. Արցախի Վերաբնակեցման Եւ Ազդեցիկ Ներդրումներու Լաւագոյն Օրինակը
Քաշաթաղի եւ Շահումեանի վերաբնակեցման եւ Արցախի գիւղատնտեսութեան զարգացման նպատակով 2010էն ի վեր Արցախի մէջ ապրող բնակչութեան վարկեր տրամադրող Արցախ Ռուց Ինվեսթմընցը (ԱՌԻ), որուն այսօր մաս կը կազմեն 200 բաժնետէրեր՝ Լիբանանէն, Արցախէն, Սուրիայէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Քուէյթէն, Զուիցերիայէն, Ֆրանսայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Անգլիայէն, Ռուսիայէն եւ Աւստրալիայէն, կը շարունակէ իր առաքելութիւնը:
ԱՌԻ-ի աշխատանքներուն մասին մանրամասն տեղեկութիւններ քաղելու նպատակով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ ԱՌԻի հիմնադիրներ եւ վարչական խորհուրդի անդամներ՝ Ստեփան Տէր Պետրոսեանի, Մասիս Ալեքսանդրեանի եւ Վահան Գասարճեանի հետ:

Վ. Գասարճեան հաստատեց, որ ԱՌԻի աշխատելակերպը ներդրումային է, եւ անիկա եղած է այն յաջող նախաքայլը, որ Արցախի պետութիւնը մղած է մտածելու՝ Արցախը վերածելու ազդեցիկ (Impact investment) ներդրումներու վայրի: Ան նշեց, որ ԱՌԻ ձեռնարկութիւն մըն է, որ միաժամանակ ազգային նպատակներ կ՛իրագործէ եւ շահաբեր ծրագիր մըն է՝ ներդրումներ կատարողին համար:
Վ. Գասարճեան հաստատեց, որ ԱՌԻի գործակցութիւնը ուղղակի Արցախի պետութեան հետ է, եւ այդ աշխատանքը կատարեալ բծախնդրութեամբ ու հեզասահ կերպով կ՛ընթանայ ե՛ւ Արցախի պետութեան, ե՛ւ ներդրողներուն միջեւ: «Անշուշտ աշխատանքի յաջողութիւնը կը կայանայ ներդնողներուն վարկերու ճշգրիտ օգտագործումը երաշխաւորող Արցախի պետութեան եւ ներդրողներուն շահերը բծախնդրութեամբ ապահովումին մէջ: Այս բոլորին զուգահեռ, կան նաեւ Արցախի մէջ ապահովուած գիւղատնտեսութեան զարգացումն եւ աճը, որ ինքնին շօշափելի փաստ մըն է այդ յաջողութեան», շեշտեց ան:
Իր կարգին, Ստեփան Տէր Պետրոսեան յայտնեց, որ ազդեցիկ ներդրումային ծրագիրի առումով, ԱՌԻն փաստած է, որ Արցախի մէջ կարելի է ներդրում կատարել: «Այս մէկը կարեւոր է, որովհետեւ այսօր Արցախը ունի կարելիութիւններ եւ հնարաւորութիւններ, որոնք զարգացումի կարիք ունին, եւ այդ նպատակը կարելի է իրագործել՝ Արցախը դարձնելով համաշխարհային ներդրումներու թիրախը: Այսօր Արցախի պետութիւնն ու Հայ Դատի մարմիններ ամէնուրեք կ՛աշխատին՝ ապահովելու Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումը, իսկ եւրոպացի պետական անձնաւորութիւններ՝ նախարարներ, երեսփոխաններ եւ գործիչներ մնայուն կերպով կ՛այցելեն Արցախ: Հետեւաբար մեզի համար կարեւոր է, որ անոնք իմանան, թէ արցախցին խաղաղասէր ժողովուրդ է եւ ազգային ինքնորոշման կատարեալ իրաւունք ունի, կ՛ապրի իր պապենական հողերուն վրայ՝ ժողովրդավարութեամբ, ուրեմն ան իրաւունք ունի՝ իբրեւ անկախ պետութիւն միջազգային ընտանիքի ճանաչումին», հաստատեց Ս. Տէր Պետրոսեան:
Ան աւելցուց, որ միջազգային ընտանիքին կողմէ անընդունելի է ժողովուրդի մը այս պահանջը անտեսել. «Սակայն բոլորին համար յստակ է, որ այդ անտեսումը Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի բանեցուցած ճնշումներով կը կատարուի, ինչպէս նաեւ՝ այլ երկիրներու քաղաքական շահերուն պատճառով: Ճնշումի այդ պատը հետզհետէ սկսած է քանդուիլ, որովհետեւ Արցախի բարգաւաճումն ու զարգացումը աւելի եւս պիտի ամրապնդուի», ըսաւ ան:
Ս. Տէր Պետրոսեանը ընդգծեց, որ ԱՌԻի տարած աշխատանքին ի տես՝ Արցախի պետութիւնը մնայուն նեցուկն ու երաշխաւորը եղաւ: «Արցախի վարչապետը մնայուն կերպով մասնակցեցաւ ԱՌԻի ընդհանուր ժողովներուն եւ անձամբ հանդիպեցաւ ԱՌԻի անդամ բաժնետէրերուն հետ: Հետեւաբար այսօր ԱՌԻի գրեթէ տասնամեայ գործունէութեան սեմին կրնանք հաստատել, որ ԱՌԻի ջանքերը կարելի է նկատել Արցախի զարգացումը ուռճացնելու ազդեցիկ ներդրումի լաւագոյն օրինակը», շեշտեց ան:
Ազդեցիկ ներդրումային ծրագիրի վերածուելու նպատակին մասին Վ. Գասարճեան յայտնեց, որ ԱՌԻն իր առաջին փուլը աւարտած է, եւ արդէն իսկ անցած է երկրորդ փուլի համահայկական ներդրումի փուլ՝ իր ներդրումային ծրագիրները հասցնելով գրեթէ 6,700,000 տոլարի եւ ներդրողներուն ապահովելով 1,200,000 տոլարի շահ:
«Կարեւոր է նաեւ, որ Արցախի մասին սփիւռքեան տարբեր գաղութներուն մէջ տիրող կարծրատիպերը վերացնել: Երբ Արցախի մասին կը խօսիս, մարդոց առաջին հակազդեցութիւնը կ՛ըլլայ պատերազմի վտանգն ու տիրող կացութիւնը: Բայց եւ այնպէս, զուտ տնտեսական դիտանկիւնէ մեկնելով, անցեալ տարի Արցախը 15 առ հարիւր աճ արձանագրած է՝ ճարտարարուեստի, գիւղատնտեսութեան եւ հանքային մարզերուն մէջ: Այս թիւը առողջ աճի մը ցուցանիշ է եւ Արցախի մէջ ներդրումներ կատարելու քաջալերող տարր», հաստատեց Վ. Գասարճեանը:
Ան աւելցուց, որ այդ նպատակով ԱՌԻի վարչական խորհուրդի անդամներ Արցախի պետական նախարար Արա Յարութիւնեանի հետ պիտի այցելեն Սիտնի, ուր անոնք ներդնողներու պիտի ներկայացնեն Արցախի մէջ ներդրումներ կատարելու այս ծրագիրներուն մասին: «Հոս կը կայանայ մեր ներազդեցիկ (catalyst) դերակատարութիւնը զուգահեռաբար ապահովելու Արցախի զարգացումն ու ներդնողներու համար հասութաբեր ծրագիրներ», նշեց ան:

Մասիս Ալեքսանդրեան շեշտեց, որ ԱՌԻի նպատակը խորքին մէջ քաղաքատնտեսական նպատակ է, որովհետեւ եթէ Արցախը չվերաբնակեցուի, ապա անկարելի է պահել այդ բերդը, իսկ եթէ այդ բերդը կորսնցնենք, ապա Հայաստանը վտանգուած կարելի է նկատել:
«Դէպի Եւրոպա Թուրքիոյ յառաջխաղացքը գրեթէ կասեցուած է, եւ ան իր հայեացքը կ՛ուղղէ դէպի Միջին Արեւելք, իսկ երբ Ատրպէյճան սկսած է խօսիլ Զանգեզուրի եւ Երեւանի մասին, ապա մեզի համար յստակ պէտք է դառնայ, որ անիկա Թուրքիոյ կողմէ Ատրպէյճանի յուշուած գաղափար է: Ուրեմն Թուրքիոյ դէպի արեւելք յառաջանալու նպատակը արգիլող միակ թումբը Արցախն է: Այս մասին պէտք է ոչ միայն հայութիւնը իմանայ, այլեւ՝ ամբողջ Արեւմուտքը: Բոլորը պէտք է հասկնան, որ եթէ այդ Արցախ կոչուող պատուարին տիրութիւն չընեն, ապա անոնք դէմ յանդիման պիտի գտնուին ճենկիզխանեան հսկայ կայսրութեան մը, այլ խօսքով՝ հսկայական ՏԱԷՇի մը դիմաց, որ կրնայ ամբողջ աշխարհին սպառնալիք ըլլալ: Թուրքիոյ վարած կրօնական ծայրայեղական քաղաքականութիւնը օրըստօրէ ի յայտ կու գայ», շեշտեց Մ. Ալեքսանդրեանը:
Ան մէջբերեց սահմանապահի իր երդումը տուող նոր զինուորի մը ունեցած մէկ արտայայտութիւնը, որ իր պարզութեամբ յստակ է, խորիմաստ եւ դիպուկ. «Եթէ Արցախը չըլլայ, Հայաստանը չըլլար, իսկ եթէ Հայաստանը չըլլայ, հայութիւն չկայ: Այս արտայայտութիւնը լաւագոյնս կը նկարագրէ Արցախի էութիւնը», հաստատեց ան:
Մ. Ալեքսանդրեանը ընդգծեց, որ անկարելի է ձեռնածալ մնալ՝ ի տես այս իրականութեան եւ Արցախի մէջ օրական դրութեամբ նահատակուող զինուորին, եւ բանակը պահելու Արցախի պետութեան ճիգերուն:
«Հետեւաբար այդ ամբողջը պահելու համար պէտք է թումբը հզօրացնել, իսկ հզօրացնելու համար բնակչութեան կարիք կայ, իսկ բնակչութիւնը կարիք ունի աշխատանքի, որուն ստեղծումին համար գումարներու կարիքը կայ. եւ այս է, որ ԱՌԻն կը կատարէ՝ ապահովելով այդ աշխատանքներուն համար անհրաժեշտ ներդրումները», աւելցուց Մ. Ալեքսանդրեանը:
Ան նշեց, որ Քաշաթաղի եւ Շահումեանի վերաբնակեցման նպատակին մէջ ԱՌԻի ջանքերով կարելի եղած է 36 առ հարիւր բնակչութեան աճ արձանագրել, ինչ որ շռնդալից թիւ մըն է, եթէ բաղդատելու ըլլանք հայաստանեան իրականութեան ընդհանուր պատկերին հետ:
Ապագայ ծրագիրներուն մասին խօսելով՝ Ս. Տէր Պետրոսեանը հաստատեց, որ ԱՌԻն սկսած է ծրագրել «Արցախ՝ 2025ի տեսլական»ը, որուն մեկնարկը պիտի կատարուի 21 Մարտին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի Լիբանան կատարելիք այցելութեան ընթացքին:
Արցախի մէջ անձանագրուած տնտեսական, շինարարական եւ գիւղատնտեսական աճը ներկայացնող ցուցակներ, ըստ ԱՌԻի հրապարակած պրակին
Ծրագիրը ներդրումներու ընդհանուր ծրար մըն է, որ պատրաստուած է Արցախի տարբեր շրջաններուն մէջ եւ տարբեր պիւտճէներու հիման վրայ. անիկա առիթ կու տայ, որ ներդնողները իրենք ընտրեն այն շրջանը, ուր կ՛ուզեն ներդրում կատարել, եւ՝ այն գումարը, որ պատրաստ են տրամադրելու այդ նպատակով:
Իր կարգին, Վ. Գասարճեանը յոյս յայտնեց, որ Արցախի պետութեան հետ միատեղ կատարուելիք այդ մեծ ծրագիրը ամբողջ աշխարհին ներկայացուի:
Մ. Ալեքսանդրեանը հաստատեց, որ Արցախի պետութեան հետ ԱՌԻի վարչութեան գումարած իւրաքանչիւր նիստին ընթացքին, անպայման գեղեցիկ անակնկալներ կ՛արձանագրուին: «Արցախի պետութիւնը ԱՌԻի չափ եւ անկէ աւելի տեսլականը ունի, յատկապէս՝ հարցերը լուծելու իմաստով: Բայց եւ այնպէս, պէտք է նաեւ հաշուի առնել, որ Արցախի պետութիւնը կլանուած է պատերազմի հոսքին մէջ եւ երկրին սահմանները պահելու առաջնահերթութեան մէջ: Հետեւաբար անոնք շատ լաւ կ՛ընդունին, երբ մեզի նման սփիւռքեան հաստատութիւններ կ՛երթան իրենց առաջարկներով խթանելու Արցախի պետութիւնը: «Այս առումով Արցախի Հանրապետութեան նախագահը իր կարգին հաստատեց, որ ժամանակն է արդէն ունենալու վերաբնակեցման ճամբու քարտէս մը, որուն հիման վրայ պիտի ճշդուի յառաջիկայ տասնամեակին արձանագրուելիք Արցախի աճը՝ բնակչութեան թիւի, տնտեսական, առողջապահական, ընկերային, մշակութային, կրթական եւ բոլոր մարզերուն պարագային», ըսաւ ան:
Մ. Ալեքսանդրեանը աւելցուց նաեւ, որ Արցախի պետութեան կազմակերպութեամբ, Հոկտեմբերին Ստեփանակերտի մէջ տեղի պիտի ունենայ համագումար մը, որուն ԱՌԻն պիտի մասնակցի իբրեւ ներազդեցիկ (catalyst) կազմակերպութիւն:
«Արցախ՝ 2025ի տեսլական»ի յայտարարութեան առումով, Մ. Ալեքսանդրեանը նշեց, որ Արցախի նախկին վարչապետ, ներկայիս պետական նախարար Արա Յարութիւնեանը ունեցած էր տեսլականը, որ Արցախը պէտք է ըլլայ Արցախի եւ Հայաստանի սնունդ հայթայթողը՝ հացահատիկ, միս, կաթ, մածուն, պանիր, պտուղներ: Այս նպատակին մէջ կայ պետութեան մը ինքնաբաւ ըլլալու կարեւորութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով Հայաստանի դիրքը՝ շրջապատուած ոչ բարեացակամ սահմանակից երկիրներով:
«Պետութիւնը ինքնաբաւ դարձնելու նպատակն էր, որ զարկ տուաւ այդ տեսլականը ունենալու՝ գիւղատնտեսութիւնը զարգացնելու, ցանքի բարելաւման, անասնաբուծութեան եւ այլ բարգաւաճումի: Մեզի համար շատ հաճելի է տեսնել, որ Արկրօֆոնտի միջոցով ԱՌԻի տրամադրած վարկերը ստացող վերաբնակիչը, որ 5 տարի առաջ 25 հեկտար արտ կը ցանէր, այժմ արդէն հարիւրաւոր հեկտարներ սկսած է ցանել, եւ իր տնտեսութիւնը ոչ միայն բաւարար դարձուցած է, այլեւ՝ հարստացուցած: Արցախի հողը բերրի է եւ առատ բերք կու տայ», շեշտեց ան:
ԱՌԻի վարչական խորհուրդի անդամները ընդգծեցին, որ նման աշխատանքի պարագային, շատ կարեւոր է սկսիլ փոքր քայլերով եւ հետզհետէ արձանագրուելիք արդիւնքներուն հիման վրայ՝ բազմապատկել ճիգերն ու գումարները:«Մենք սկսանք 300,000 տոլարով, քանի մը տարի ետք հասանք 2 միլիոն տոլարի, իսկ հիմա արդէն իսկ 6-7 միլիոնի շուրջ ներդրում կը կատարենք: Աշխատանքը կ՛ընթանայ անթերի կերպով՝ ԱՌԻի եւ Արցախի պետութեան միջեւ: Արցախի պետութիւնը իր ստացած գումարներուն տոկոսները ճշգրիտ կերպով եւ ճշդուած ժամկէտին կը յանձնէ ԱՌԻին, որ իր կարգին ԱՌԻի բաժնետէրերուն կը տրամադրէ անոնց ներդրած գումարներուն տոկոսները, որոնք կ՛ապահովուին արձանագրուած ընդհանուր շահերէն:
«Մեր աշխատանքները թափանցիկ են՝ թէ՛ նիւթականի եւ թէ գործունէութեան իմաստով: Դրամագլուխի կորուստ բացարձակապէս չէ արձանագրուած: Ներդրողներէն մեր ստացած գումարները կը գտնուին կա՛մ Ակրօֆոնտին մօտ եւ կը տրամադրուին իբրեւ վարկեր, կա՛մ ալ՝ գիւղաշինութիւնը կատարող պետական հիմնադրամին մօտ: Այդ գումարները երբ վերադարձուին մեզի, եւ դրամատան մէջ մեր ունեցած գումարը միացնենք անոր, մենք մեր բաժնետէրերուն ունեցած մեր նիւթական պարտաւորութիւնները 24 ժամուան մէջ կրնանք կատարել:
Պէտք է ըսել նաեւ, որ ԱՌԻի ներդնողներէն գումարներու փոխառութիւնը եռամեայ դրութեամբ կ՛ընթանայ, որոնց ընթացքին ներդնողը տարեկան դրութեամբ իր ներդրած գումարին տոկոսները կը ստանայ: Երեք տարի ամբողջացնելէ ետք, ներդնողին հարց կը տրուի ԱՌԻի վարչութեան կողմէ՝ ներդրումը նորոգելու կամ գումարին վերատիրանալու մասին. ընդհանրապէս ներդնողներուն մեծ մասը, գրեթէ՝ 98 առ հարիւրը, կը նորոգէ:
Այս փորձառութիւնը եւ աշխատանքը վերահսկելու բծախնդրութիւնն ու յանձնառութիւնը մեզ կը մղէ ճակատաբաց դիմելու աշխարհին՝ անոնց աշխատանքի ձեռք երկարելու իմաստով: Մեր ուղղած ներդրումի հրաւէրները պատասխանատուութիւն կ՛ենթադրեն, եւ մեր փորձառութիւնը կ՛արտօնէ, որ մենք կատարեալ ինքնավստահութեամբ ուղղենք այդ հրաւէրը, շեշտեցին անոնք:
ԱՌԻի վարչական խորհուրդի անդամները նշեցին, որ Առիաւանի կառուցման առաջին փուլը արդէն իսկ աւարտած է՝ կառուցուած է 50 տուն, եւ արդէն սկսած է երկրորդ փուլը, որուն ընթացքին պիտի կառուցուին երկրորդ 50 տուներուն առաջին 5 բնակարանները:
«Առիաւանի մէջ կեանքը, որեւէ քաղաքի ներկայ պայմաններով, հանգիստ ընձեռած է տեղին բնակչութեան, որուն կենցաղն ու կենսամակարդակը սկսած է մօտենալ արեւմտեան չափանիշներու հասկացողութեան», յայտնեցին անոնք:
ԱՌԻի վարչական խորհուրդի անդամները հաստատեցին նաեւ, որ Քաշաթաղի եւ Շահումեանի բնակիչները փաստեցին իրենց կառչածութիւնը հայրենի հողին, եւ այդ փաստը եկաւ 2016ի քառօրեայ պատերազմին, երբ այդ շրջանի բնակիչներէն նկատառելի թիւ մը անմիջապէս հասաւ հայրենիքին սահմանները պաշտպանելու սուրբ գործին:
Այս եւս կը փաստէ այն իրականութիւնը, որ զինուորը շատ աւելի վճռական կերպով կը կռուի, երբ ամբողջ գիւղ մը պաշտպանելու պատասխանատուութիւնը կայ իր ետին: