ՄԻՒՆՍԹԸՐ.- «Աշենտորֆ Վերլակ» հրատարակչատունը այս տարուան Փետրուարին հրապարակած է Աբէլ Մանուկեանի հեղինակած՝ «Bearing Witness to Humanity» («Մարդկութեան Ականատես») հատորը, որ նուիրուած է հայութեան նկատմամբ Զուիցերիոյ ժողովուրդին ցուցաբերած բարեսիրական նախաձեռնութիւններուն։
Հայ ժողովուրդի պատմութեան վրայ ակնարկ մը նետելէ ետք, հատորը կը կեդրոնանայ յատկապէս 1894-1923 տարիներուն վրայ՝ իրարու հակադրելով հայութիւնը բնաջնջելու թուրքերուն անողոք ծրագիրները եւ անոնցմէ տուժած հայութեան օժանդակութեան հասնելու զուիցերիացիներուն բարերարութիւնը։
Լուսարձակի տակ առնուած են յատկապէս քոյր Պէաթրիս Ռոհների եւ (1876–1947) եւ Եակոբ Քունցլերի (1871–1949) բարեգործութիւնները։
Ռոհներ, որ դասատու էր եւ ժամանակ մը նաեւ ստանձնած էր որբանոցի մը վարիչի պաշտօնը, մտային խանգարում դիմագրաւած էր՝ ականատես դառնալով հայութեան ջարդերուն, մինչ Քունցլեր, որ ծանօթ է իբրեւ «հայ որբերու հայր», նախ եղած է Ուրֆայի հիւանդանոցի պատասխանատուներէն, իսկ այնուհետեւ՝ 1920ականներուն, Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցին հետ գործակցելով՝ ստանձնած է հազարաւոր հայ որբերու փոխադրումը Թուրքիայէն դէպի Ղազիր, Լիբանան, ուր հաստատուած որբանոցին մէջ հայ որբուհիներ գործած են յայտնի «Սպիտակ տան գորգը», որ 1925 թուականին նուիրուած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Քելվին Քուլիճին:
«Պատմութեան Ականատես» հատորը լաթակազմ է եւ բաղկացած 606 էջերէ, ներառեալ՝ 82 պատկերներ։
36 եուրօ արժող սոյն գիրքին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.aschendorff-buchverlag.de/detailview?no=13314 կայքէջը։