ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը մօտաւորապէս ամիս մը առաջ առիթ ընծայած էր ժողովուրդին՝ համացանցի միջոցաւ իր տոհմածառի ճիւղերը գտնելու։ Այս նախագիծը մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած է երկրէն ներս՝ նախնիներու հետքերը հասցնելով մինչեւ 1830ականները։
Նախնիները գտնելու նախագիծը հազարաւոր անակնկալ բացայայտումներ կատարած է։ Այսպէս, իրենց ամբողջ կեանքը իբրեւ թուրք կամ իսլամ ապրած բազմաթիւ հայրենակիցներ յանկարծ պարզեցին, որ իրենց նախնիներուն մէջ ոչ-թուրքեր կան։ Հետաքրքրուողներուն թիւը այնքա՛ն մեծ էր, որ կայքը շուտով «կքեցաւ»։
Իրարանցումը ցցուն էր յատկապէս ազգայնամոլ շրջանակներուն մօտ, որոնց նախնիներուն մէջ հայեր, յոյներ կամ քիւրտեր գտնուած են։
«Ճումհուրիյէթ»ի սիւնակագիրներէն Թայֆուն Աթայ գրած է. «Ինծի բարեկամաբար թելադրեցին չընդունիլ վրացական ծագումը»՝ շարունակելով. «Ատիկա ճնշումի թեթեւ ձեւ մըն էր, հապա ի՞նչ պիտի ընեն անոնք, որոնք պիտի տեղեկանան, թէ ծագումով հայ են կամ կրօնափոխներ են։ Պարզապէս խորհեցէ՛ք. կը կարծէիք, որ կարմիր արիւնով թուրք էք, բայց՝ զտարիւն հա՛յ էք։ Երեւակայեցէ՛ք ատոր ընկերային հետեւանքները», գրած է ան։