ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Արդի գիտութիւնը մինչեւ իսկ մարդու կրկնօրինակումի ծրագիրներ մշակած է, անշուշտ բժշկագիտական գիւտերու միջոցաւ բարի նպատակներու օգտագործելու համար իր «ստեղծած» էակներուն ֆիզիքական գործարանները եւ ո՛չ թէ Աստուծոյ գործին խառնուելու յանդգնութիւն իբրեւ ըմբռնելով իր կատարած նորօրեայ նուաճումները:
Մեզի ծանօթ չէ՛, թէ մարդկային կրկնօրինակումի պարագային ուղեղի կրկնօրինակումը կարելի պիտի ըլլա՞յ յաջողեցնել, թէ միայն ֆիզիքական կրկնօրինակում պիտի յաջողի կատարել գիտութիւնը: Ամէն պարագայի, նոյնիսկ ֆիզիքական կրկնօրինակման յաջողութիւնը մեծ ոստում մըն է աշխարհի պատմութեան համար, երբ մարդկութիւնը նման իրագործման մը հեղինակը կը հանդիսանայ:
Ուղեղը, ուր պարփակուած են մեր մտածումները, զգացումներն ու ապրումները, մեր գանձարանն իսկ է: Անտեսանելի դարաններու մէջ ամէն օր ի պահ կը դնենք բազմատեսակ միտքեր, որոնցմէ շատերը այնքան անձնական են, որ ո՛չ ոքի կ՛ուզենք յայտնել, այլ իբրեւ մեր սեփական հարստութիւնը կ՛ամբարենք այնտեղ: Աւելին, այնպէս ինչպէս մեր նիւթական հարստութիւնը տեղ մը պահելով միշտ մտավախութիւն կ՛ունենաք, որ անիկա կրնայ գողցուիլ, նոյնպէս ալ կը վախնանք, որ մեր շատ անձնական զգացումները կրնան օր մը ուրիշներուն սեփականութիւնը դառնալ՝ «աղքատացնելով» մեզ յայտնապէս:
Ուրեմն, երկու տեսակի գողեր կան այս աշխարհի վրայ: Առաջինները անոնք են, որոնք ուրիշներուն նիւթական հարստութիւնը կ՛իւրացնեն՝ անոնց չիմացած պահուն, իսկ երկրորդները անոնք են, որոնք ուրիշներուն մտածումները կ՛իւրացնեն: Ասոնց պարագային, մտածումներուն տէրերը կրնան տեղեակ ըլլալ, կամ՝ չըլլալ, սոյն գողութենէն: Սակայն գողը կը կատարէ իր գողութիւնը եւ կը տիրանայ մտածումներու, փորձելով կիրարկել զանոնք իր կեանքին ընթացքին:
Վերոյիշեալ նիւթին զարգացման ընթացքը մինչեւ այստեղ կրնայ դրական երանգ մը ունենալ եւ լաւ տպաւորութիւն թողուլ ընթերցողին վրայ, բացի անշուշտ «գողութիւն» բառին օգտագործումէն, որ ինքնին ժխտական իմաստ ունի, եւ բոլորին յայտնի է անոր մէջ սեղմուած յափշտակութեան բացայայտ գաղափարը:
Մտածումի կրկնօրինակում կատարող գողը ուղեղով կարճուկ մարդն է, որուն իմացական մարմինին հաստ իրանը թոյլ չի՛ տար հասակ նետել կամ բարձրերը ճախրել: Այսպիսով ան փայլուն միջակութիւն մը կը դառնայ շրջապատին մէջ, արծաթափայլ թեւերով անրջային սաւառնումներ կատարելով սարէ սար: Նման փցուն անձնաւորութիւններու ինքնավստահութիւնը հաստ ու բարակ պարաններով կապուած կ՛ըլլայ այս ու այն ծառին, որոնց չորացման հետ ալ գետին կը տապալին զիրենք անհոգ քունի մտցնող բամպակէ օրօրոցները:
Միտքի կրկնօրինակումով հեղինակութիւն վաստակիլ փորձող ասպետները ճարտար խաղարկութեամբ իշխող դասակարգին հետ հաշտ քալելու եւ անոր արձակած բոլոր թունալից նետերուն դիմաց կուրծքը բանալու ու չմահանալու գաղտնիքը տիրակալած, միւս կողմէ ալ՝ մեծահարուստներուն դիմաց նուաստ ու խեղճ, զրկուած ու լքուած չքաւորի պատռտուած ցնցոտիները ցուցադրելով, կը հասնին կարմիր քղամիդին, մինչեւ այդ պահն ալ մնալով ողորմութիւն հայցողի կամ դժբախտ ու կիսամերկ մարդու գարշահոտ քուրձին փաթթուած:
Բայց ի՞նչ ցեղի կը պատկանին նման արարածներ: Ո՞ր լեզուով կը համոզեն ու կը հաւատացնեն իրենց փարթամ զոհերուն, իրենց պատրաստած խորտիկներու անկրկնելի համին մասին պատմելով, որոնք տաղանդներու կեանքէն ցաւով կտրուած միսերու կտորներով կը պատրաստեն անոնք: Իսկ իրենց ցնփոր զոհերը, որոնք մարսողութեան դժուարութիւն ալ ունին, միշտ գոհունակութեամբ կը վերյիշեն տարիներ առաջ իրենց կլլած մեծ պատառները, հետզհետէ ահագնացող ողբերգութեան սիրայօժար յանձանձողները հանդիսանալով մեր նորագոյն պատմութեան էջերուն:
Անողն մարդոց ցեղը որոշել անհնար է, անոնք պարզապէս անցեղ են, անկրօն ու անգոյն: Յառաջդիմութեան կոյր մոլուցքը, կարելի բոլոր միջոցներով առաջնորդ կը հանդիսանայ ասոնց: Մինչեւ իսկ նման անձեր ինքնակամ կը յանձնուին աֆիոնին, անոր ամպացող գուլաներուն մէջ որոնելով իրենց գերագահութիւնը ո՛չ միայն իրենց հասակակիցներուն վրայ, այլեւ իրապէ՛ս իրենցմէ աւելի բարձրահասակներուն:
Միտքի կրկնօրինակումով «գիտնական» դարձած անձը յաւելեալ գիտութիւն չընդունելու համար, տեղի անբաւարարութեան ծանուցագիր կը հրապարակէ: Ինք ամէն ինչ գիտէ: Ի՞նչ կարիք ունի բան սորվելու: Սակայն, վստահաբար անիկա իր ամբողջ կեանքի ընթացքին նոյնիսկ մէկ գիրք ծայրէ ի ծայր ո՛չ միայն կարդալու, այլեւ գէթ մէկ անգամուան համար անոր էջերը թերթատելով զանոնք օդափոխելու եւ թուղթին խոնաւութեան հոտը վերացնելու նուազագոյն ճիգը չէ՛ գործադրած: Մեծ տեսաբանի բարձրօձիք շրջազգեստը անիկա խնամքով կը պահէ իր տան պահարանին մէջ եւ առիթէ առիթ ալ հագնելու չի՛ մոռնար: Չէ՞ որ իր ստրուկ նկատածները պէտք ունին իր խրատներուն: Հապա կրկնօրինակումով իր գողցած մտածումները որո՞ւն պիտի ծախէ: Ան իր բռնած ձուկը չհոտած կ՛ուզէ վաճառել թանկ, եւ գումարը գրպանը դնելով մեծամիտ հարուստ ձեւանալ:
Միտքի կրկնօրինակումով յառաջդիմել կարծած մարդուն յենակները թոյլ են ու տկար: Ճարտարապետութեան դեռ անծանօթ մեթոտներով կառուցուած անոնց կեանքին շէնքը չի՛ դիմանար նուազագոյն երկրաշարժի: Իսկ այս երկրաշարժը ամէն օր տեղի կ՛ունենայ: Մահն է ամենատարածուն եւ ամէնէն սովորական «երկրաշարժ»ը այս աշխարհի մէջ: Անոր գալուստով ամէն մարդ կը ցնցուի: Մահը մինչեւ հիմա բազմաթիւ շէնքեր կործանած է: Անոր ցնցումներուն չի՛ դիմանար ամէնէն զօրեղ մարմինն ալ, ու կը տապալի անվերականգնելի: Խարխուլ տուներուն դուռն ու պատուհանը, բակն ու առաստաղը մոխիրի պիտի վերածուին, չդիմանալով մահուան ետեւէն եկող հրեղէն սիւնի բոցավազ հրայրքին:
Այս կրակին չի՛ դիմանար շինծու յարդարանքը մանաւանդ, զոր միտքի կրկնօրինակումով վաստակեր էր թշուառականը: Անոր միտքին կեղծ յարդարանքը նման է շպարուած տգեղ կնոջ մը դէմքի բազմագոյն մաշկին, որուն երանգապնակի գունագեղութեան տարբերութիւնը մութին եւ լոյսին մէջ շատ մեծ է:
Մահուան բերած երկրաշարժէն ետք ի՞նչ պիտի կարենայ ընել միտքի կրկնօրինակումով երջանկութեան կարծեցեալ դրախտէն ներս ոտք դրած կեղծ ինքնատիպը: Անիկա անզօրութենէ մղուած հակայարձակողականի կ՛անցնի ռազմախաղ մը ստեղծած ըլլալու ինքնախաբէութեամբ, առանց իմանալու, որ օր մը զինաթափ պիտի ըլլայ, անկարող ծերունիի մը ծիծաղելի պոռոտախօսութիւնն ալ կրկնօրինակելով:
Այո՛, բայց յետոյ ո՞ւր, յետոյ ի՞նչ: Միտքի բոպիկ ոտքերուն համար ի՛նչ հաստութեամբ ալ մանուած բուրդ ու բամպակով գուլպայ հիւսենք, կարելի չ՛ըլլար զանոնք իմացական ցուրտին դէմ պաշտպանել: Իսկ շրջապատի խստաշունչ ձմեռը իր հարուածող քամիով կը քշէ ու կը տանի աւազահիմն կառոյցները, իմաստութեան յորձանուտին մէջ աղալով զանոնք, ու աւելցնելով ծովափի աւազուտին համրանքը:
Կեղծ իմաստունին մեծ փորձառութիւնը հիմնուած է ուրիշներուն միտքերը կրկնօրինակելու աժան փիլիսոփայութեան վրայ, որուն դիւրաբեկ պարանը կարճ կու գայ կեանքի ակնահաճոյ լարախաղ մը հանդիսադրելու պարագային: