Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահան Նաւասարդեան» մասնաճիւղի վարչութեան, Ուրբաթ, 26 Յունուարի երեկոյեան, Լաթաքիոյ «Ասատ մշակութային կեդրոնին մէջ ելոյթ ունեցաւ «Գեղարդ» պարախումբը՝ գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Վրէժ Թէրզեանի:
Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութիւններու զոյգ քայլերգներով:
Հայերէնով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Նայիրի Կարապետեան-Գաթրճեան, որ ըսաւ. «Հայկական ազգային պարարուեստը ունի հազարամեակներու պատմութիւն, հայկական պարը հանդիսացած է մեր ժողովուրդի գեղագիտական վառ մտածողութեան արտայայտամիջոցներէն մէկը: Անիկա սերունդէ-սերունդ փոխանցուելէ եւ որոշ փոփոխութիւններու ենթարկուելէ ետք կրցած է պահել իր ինքնուրոյն դիմագիծը»:
Ան նկատել տուաւ նաեւ, թէ «90ամեայ Համազգայինը իր հիմնադրութեան օրէն իսկ, իր գլխաւոր առաքելութիւնը նկատած է հայ մշակոյթի պահպանումն ու տարածումը, հայ ժողովուրդի զաւակներուն մէջ արթնցնելու սէր, հետաքրքրութիւն եւ գուրգուրանք՝ հանդէպ մշակոյթին եւ որպէս անկորնչելի գանձ զայն փոխանցելու իրերայաջորդ սերունդներուն»:
Արաբերէնով խօսք արտասանեց Սարին Կիրակոսեան, որ հակիրճ ձեւով ներկայացուց հայկական պարը, ապա շնորհակալական խօսք ուղղեց երկրի նախագահ տոքթ. Պաշշար Ասատին, որ միշտ քաջալեր հանդիսացած է մեր մշակութային ձեռնարկներու իրագործման եւ դրուատիքով արտայայտուած ու գնահատած է զանոնք:
52 անդամներէ բաղկացած «Գեղարդ» պարախումբը համաչափ կշռոյթներով, հեզաճկուն պարերով, շուրջ մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ հմայեց հանդիսատեսը:
Առաջին բաժինով պարախումբը ներկայացուց հայկական պարեր՝ «Կիլիկիա», «Եարխուշտա» եւ «Քոչարի», յունական եւ հնդկական պարեր, իսկ երկրորդ բաժինով՝ հովիւներու պար, ռուսական պար, արժանթինեան թանկօ եւ հայկական պար՝ «Աւարայր»: Վերջինը գեղեցիկ բեմադրութեամբ, հոգեթով պար մըն էր:
Ելոյթին ընթացքին Յակոբ Այնթապլեան հայկական ժողովրդական եւ ազգային երգերով առաւել ջերմացուց մթնոլորտը:
Ուշագրաւ էր նաեւ վերջին պարը, որուն մասնակցեցան բոլոր անդամները: Անոնք իրենց գունագեղ տարազներով հայկական գեղեցիկ ներդաշնակութիւն մը կազմած էին բեմահարթակին վրայ:
Աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ գեղարուեստական ղեկավար Վրէժ Թէրզեան, որ ընդամէնը երեք ամիսներու ընթացքին իր աչալուրջ ու հետեւողական մարզումներով յաջողեցաւ իրականացնել «Գեղարդ» պարախումբի այս հմայիչ ելոյթը:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Թաթուլ աբեղայ Գարտանաքեանի արտասանած «Պահպանիչ» աղօթքով:
(Թղթակից)