ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Անցեալ շաբաթ Ֆլորիտայի վարժարաններէն մէկուն մէջ 17 զոհ խլած զինեալ նորագոյն յարձակումէն ետք, մինչ մատղաշ զոհերը հողին կը յանձնուէին, վարժարանի աշակերտները եւ անոնց համախոհները մայրաքաղաք Ուաշինկթընի, Ֆլորիտայի մայրաքաղաք Թալահասիի եւ Միացեալ Նահանգներու տարածքին բազմաթիւ հաւաքներ իրականացուցին եւ դեռ կը շարունակեն կատարել՝ դատապարտելով նահանգային եւ դաշնակցային իշխանութիւնները, որոնք տեղի տալով Ազգային հրազէնի միութեան ճնշումներուն՝ զէնքի առեւտուրը սանձարձակ դարձուցած են եւ զէնք կրելու իրաւասութիւնը ընդարձակած են՝ զայն հասցնելով չափազանցուած մակարդակներու։
Հակառակ բնական երեւոյթի վերածուած այս սպանդներուն, զէնք կրելու իրաւասութիւնը զէնքի անտրամաբանական պաշտամունքի վերածած պահպանողական ամերիկացիներու մէկ հատուածը կուրօրէն կը շարունակէ պաշտպանել սահմանադրութեան 2րդ յաւելուածով ամրագրուած այդ իրաւունքը, առանց գիտակցելու, որ այդ ազատութեան սահմանները վաղուց արդէն հատած են ընդունելի ըլլալու գօտին եւ ոտնակոխ կ՛ընեն ապահով ապրելու ուրիշներու իրաւունքը։
Յուսալի է, որ նորագոյն այս ոճիրէն ժայթքած քաղաքական աշխուժութիւնը կը շարունակէ լուսարձակի տակ պահել Ազգային հրազէնի միութեան կողմէ ամերիկացիներուն պարտադրուած անտրամաբանական այն օրէնքները, որոնք անյապաղ փոփոխութեան կարիքը ունին։
Ինչպէս զոհերուն դասընկերները կը շեշտեն, տրամաբանական ոչ մէկ պատճառ կայ, որ ոգելից ըմպելիներ գնելու իրաւունք չունեցող երիտասարդ մը՝ պատերազմի համար արտադրուած հրացաններ գնելու իրաւունքը ունենայ, ինչպէս նաեւ ընդունելի չէ, որ զէնք ծախողները իրենց յաճախորդներուն մտային առողջութեան մակարդակը չիմանան՝ նախքան նման մահասփիւռ գործիքներ ծախելը։