Աշխատանքային այցելութեամբ Գերմանիա գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 17 Փետրուարի երեկոյեան մասնակցեցաւ Միւնիխի Ապահովութեան վեհաժողովին, որուն ընթացքին «Նե՞րս, թէ դուրս. Ռուսիոյ եւ Եւրոպայի միջեւ ինկած երկիրները» խորագիրով քննարկման ատեն խօսք առաւ նաեւ Սարգսեան։
Նախագահական պաշտօնական կայքին համաձայն՝ նախագահ Սարգսեան անդրադարձաւ աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմաններուն լոյսին տակ Հայաստանի վարած արտաքին քաղաքականութեան, համարկման հոլովոյթներու ծիրին մէջ Հայաստանի արդիւնաւէտ փոխադարձ գործակցութեան՝ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) եւ Եւրոպական Միութեան հետ, անվտանգութեան առումով շրջանի հարցերուն եւ մարտահրաւէրներուն, այդ պարունակին մէջ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներուն միջնորդութեամբ Արցախի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթին:
«Արցախի տագնապի հանգուցալուծման վերաբերեալ ջանքերը կրնան օրինակ ծառայել, թէ ինչպէս Ռուսիան, Եւրոպական Միութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները կրնան դրական կերպով համադրել իրենց դիրքորոշումները՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան ու ապահովութեան: Մեր փափաքն է, որ նման ընդհանրութիւններ առաւել յաճախ դրսեւորուին», դիտել տուաւ նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Նախագահը խօսեցաւ նաեւ Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան ծիրին մէջ Հայաստանի ստանձնած եւ բանակցութեան ենթակայ եղած յանձնառութիւններուն մասին՝ ընդգծելով, որ տակաւին նախորդ դարու 70ական թուականներուն սկիզբ առած Հելսինքեան գործընթացին նպատակը Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան ամրապնդումն էր՝ ապահովելով ժողովուրդներու համերաշխութիւնը, արժանապատիւ եւ իրաւահաւասար համակեցութիւնը, որ, Սարգսեանի համաձայն, այսօր ալ կը շարունակէ արդիական մնալ:
Հայաստանի նախագահը շեշտեց, որ Հելսինքիի եզրափակիչ փաստաթուղթի տասը սկզբունքները մէկ միասնական ընդհանրութիւն են, եւ անոնցմէ որեւէ մէկը պէտք չէ տարանջատուի կամ հակադրուի միւսներուն. «Ատրպէյճանի դիրքորոշումը Հելսինքիի ոգիի աղաղակող ոտնահարում է Արցախի հարցին շուրջ: Անիկա յատկապէս ակնառու է դրացի երկրին մէջ սկսած նախընտրական շրջանին: Նախագահ Ալիեւ ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս տարածքային նկրտումներ կը յայտարարէ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի հանդէպ՝ անուանելով զայն պատմական Ատրպէյճանի տարածք: Զառանցանք է, անշուշտ, բայց Եւրոպայի լռութեան լոյսին տակ այդպիսի անհեթեթութիւնները կրնան շատ լուրջ հետեւանքներ ունենալ», դիտել տուաւ Սարգսեան:
Անդրադառնալով Հայաստանի՝ ԵՏՄի անդամակցութեան, նախագահ Սարգսեան յայտարարեց, որ Հայաստան այդ կառոյցին միացած է «յստակ կերպով գիտակցելով, որ անիկա լաւագոյնս պիտի ծառայէ տնտեսութեան զարգացման եւ երկրի ապագային»: Ըստ անոր՝ ասիկա ոչ մէկ ձեւով կը խոչընդոտէ Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան: «Եւրոպական Միութեան հետ մեր համագործակցութիւնը նոր մակարդակի բարձրացաւ վերջերս ստորագրուած Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրով: Այժմ կարեւոր է, որ այդ փաստաթուղթի վաւերացման գործընթացը ընթանայ պատշաճ արագութեամբ: Մենք մնայուն կերպով պիտի ձգտինք համագործակցիլ այն բոլոր ուժերուն հետ, որոնք արդէն իսկ հասած են մեծ յաջողութիւններու եւ կրնան նպաստել մեր երկրի զարգացման: Նշուած քաղաքականութիւնը կը դիւրացնէ Հայաստանի փոխադարձ գործակցութիւնը թէ՛ ԵՏՄի, թէ՛ Եւրոպական Միութեան հետ: Ասիկա նաեւ կարելիութեան դուռ կը բանայ բոլոր այն անձերուն համար, որոնք կ՛ուզեն Հայաստանի միջոցով ընդլայնել գործարար կապերը այս երկու կառոյցներուն միջեւ», ըսաւ նախագահը:
Հայաստանի նախագահը անդրադարձաւ նաեւ հայ-թրքական արձանագրութիւններուն՝ ընդգծելով, որ Թուրքիան կը շարունակէ փակ պահել Հայաստանի հետ սահմանը, եւ «ժամանակը այստեղ կարծես կանգ առած է»: Սերժ Սարգսեան ըսաւ, թէ Հայաստան ամէն ինչ ըրած է իրավիճակը յաղթահարելու համար, սակայն 2009ին Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ կնքուած հաշտեցման արձանագրութիւնները այդպէս ալ մնացած են թուղթի վրայ:
«Թուրքիան ո՛չ միայն չվաւերացուց զանոնք, այլ նաեւ առաջադրեց արձանագրութիւններուն հետ որեւէ կապ չունեցող նախապայմաններ: Ասիկա ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ պատմական կարելիութեան տապալում: Արդեօք Ատրպէյճա՞նը կը խոչընդոտէ Թուրքիոյ՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ հաստատելու հարցին մէջ, ինչպէս մեզ շատեր կը փորձեն համոզել: Ո՛չ, հիմնական խոչընդոտը Թուրքիոյ առաջնորդներուն մօտ քաղաքական կամքի բացակայութիւնն է», ըսաւ նախագահ Սարգսեան՝ եզրափակելով. «Մենք չենք կրնար սպասել Թուրքիոյ պատասխան քայլերուն: Արձանագրութիւններուն շուրջ բանակցութիւններ կատարուած են՝ մեկնած օրուան պայմաններէն: Եթէ Թուրքիա կուզէ սպասել այլ պայմաններու, ապա վաւերացնել արձանագրութիւնները, ան չարաչար կը սխալի: Նոր պայմաններու լոյսին տակ նոր փաստաթուղթի բանակցութիւն պէտք է ըլլայ: Հայաստան նախապայմաններու լեզուով չի խօսիր, նոյն ատեն չ՛ընդունիր որեւէ մէկուն կողմէ նախապայմաններու առաջադրում»: