Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ Պէյրութի Երիտասարդ կանանց քրիստոնէական ընկերակցութեան (ԵԿՔԱ, YWCA Beirut) համատեղ կազմակերպմամբ, 7 Փետրուարին, Պէյրութի ԵԿՔԱի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական մշակոյթի օր» խորագիրով ձեռնարկը:
Այնտեղ ներկայացուեցան Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի (ԼՕԽ) անդամներու պատրաստած Պատմական Հայաստանի տարբեր շրջաններուն բնորոշ զարդանախշերով ասեղնագործ աշխատանքները, Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Անատոլի Աւետեանի կտաւները, «Մայրիկ» ճաշարանին կողմէ պատրաստուած հայկական աւանդական ուտելիքները:
Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան ԵԿՔԱի նախագահ Ռոլա Էլ Խուրի եւ Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան:
Դեսպան Մկրտչեան կարեւոր համարեց Լիբանանի բարեկամ ժողովուրդին՝ հայկական հարուստ մշակոյթը ներկայացնելու անհրաժեշտութիւնը, որ կը ծառայէ Լիբանանի եւ Հայաստանի ժողովուրդներուն միջեւ կապերու ամրապնդման եւ փոխհարստացման: Դեսպանը ներկաներուն համառօտ կերպով ներկայացուց Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան տարածման, հայոց պատմութեան եւ հայ մշակոյթի մասին դրուագներ:
Ելոյթներուն յաջորդեցին Հայաստանի մասին պատմող վաւերագրական ֆիլմի մը ցուցադրութիւնը եւ լիբանանահայ տուտուկահար Գէորգ Քեշիշեանի կատարումները: