ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամ կը տեղեկացնէ, թէ անգլերէնով լոյս տեսած է իր նոր հատորը՝ «Սպանութեան Հրահանգներ. Թալէաթ Փաշայի Հեռագիրներն Ու Հայոց Ցեղասպանութիւնը»:
«Գիրքը արդէն պաշտօնապէս լոյս տեսած է: Արդէն ունիմ իմ օրինակներս: Ասիկա հիասքանչ զգացում է», կը գրէ հեղինակը՝ աւելցնելով, որ գիրքը կը ներառէ երկու գլուխ, որոնք չկային նախապէս թրքերէնով հրատարակած իր «Նայիմ Էֆենտիի Յուշագրութիւնները եւ Թալէաթ Փաշայի Հեռագիրները» գիրքին մէջ: Ան կը յայտնէ, որ գիրքի անգլերէն տարբերակին մէջ ո՛չ միայն կը ներկայացնէ նոր փաստաթուղթեր, այլեւ կը քննարկէ կեղծ ստորագրութիւններու եւ կեղծ ժամանակագրութեանց հարցը:
«Մեծ փափաք ունիմ այս նոր փաստերը ներկայացնելու թուրք ընթերցողներուն», նախապէս գիրքի հրապարակման մասին խօսելու ընթացքին ըսած էր Աքչամ:
Թրքերէնով 2016ին հրատարակուած «Նայիմ Էֆենտիի Յուշագրութիւնները Եւ Թալէաթ Փաշայի Հեռագիրները» հատորին մէջ ներառնուած են հայերը ջարդելու հրահանգներուն մասին Թալէաթ փաշայի հեռագիրները: Օրինակ՝ 1915 Սեպտեմբեր 22 թուագրուած հեռագիրին մէջ Թալէաթ հրահանգած է. «Հայերը Թուրքիոյ տարածքին ապրելու, աշխատելու իրաւունքներէն ամբողջութեամբ զրկուած են. պետութիւնը, իր վրայ վերցնելով ամբողջ պատասխանատուութիւնը՝ կը հրահանգէ ողջ չձգել անգամ օրօրոցի մանուկները»: