ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Ինչպէս նա-խապէս հաղորդած էինք, արհամարհելով Ատրպէյճանի սպառնալիքները, Փետրուար 10-13, օտարերկրեայ լրագրողներու եւ «պլոկըր»ներու խումբ մը այցելեց Արցախ: Խումբին մէջ ներգրաւուած են Ռուսիայէն, Լաթվիայէն, Հունգարիայէն, Ֆրանսայէն, Ալճերիայէն եւ Իտալիայէն լրագրողներ:
Ըստ այցելութիւնը կազմակերպող «Արցախակերտում» հասարակական կազմակերպութեան հաղորդագրութեան՝ այցի նպատակն էր՝ մասնակցիլ ղարաբաղեան շարժման 30ամեակին նուիրուած տօնական միջոցառումներուն, ինչպէս նաեւ ծանօթանալ երկրի պատմութեան, մշակոյթին եւ զարգացման ներուժին:
Խումբի անդամները բովանդակալից հանդիպումներ ունեցան Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի, արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի եւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ռուբէն Մելիքեանի հետ: