ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու Լիբանանի ղեկավար մարմիններու ներկայացուցիչներու հերթական ժողովը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 7 Փետրուարին, ՍԴՀԿի Նոր Հաճնոյ կեդրոնատեղիին մէջ՝ ներկայութեամբ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան եւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի ներկայացուցիչներուն:
Ժողովականները քննարկեցին շարք մը լիբանանեան թղթածրարներ: Անոնք ողջունեցին Պաապտայի մէջ կայացած Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին, խորհրդարանի նախագահին եւ վարչապետին հանդիպումը, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ բնականոնացնել երկրի քաղաքական վիճակը եւ մեղմացնել լարուածութիւնը:
Քննարկուեցան եւ դատապարտուեցան իսրայէլեան սահմանային վիճայարոյց տարածքներու վրայ պատ կառուցելու ծրագիրը եւ լիբանանեան ծովային 9րդ նաւթահորի շահագործումին դէմ արձակուած սպառնալիքները:
Ժողովականները արծարծեցին Մայիսին տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններու թղթածրարը, շեշտեցին լիբանանահայութեան միասնականութեան ոգիի պահպանումը եւ կարեւոր նկատեցին հանդիպումները բազմացնելու հրամայականը, որպէսզի լիբանանահայութեան ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը ապահովուի Լիբանանի խորհրդարանին մէջ:
Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ժողովին ընթացքին նաեւ քննարկուեցան հայկական ազգային հարցեր: