ԵՐԵՒԱՆ.- Զուիցերիոյ Ազգային խորհուրդի նախագահ Տոմինիք տը Պիւմանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Երեքշաբթի, 6 Փետրուարին այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:
Պատուիրակութեան անդամները ծաղկեպսակ զետեղեցին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւէրժացնող յուշակոթողին առջեւ, ծաղիկներ խոնարհեցին անմար կրակի մօտ եւ լռութեամբ յարգեցին զոհերու յիշատակը:
Անոնք այցելեցին նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան եւ ծանօթացան ցուցադրուած նիւթերուն:
Նոյն օրը, զուիցերիական պատուիրակութիւնը հանդիպեցաւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայ-զուիցերիական երկկողմ օրակարգին առնչուող հարցեր, անդրադարձ կատարուեցաւ առեւտրատնտեսական կապերու ընդլայնման եւ միջազգային հարթակներու վրայ արդիւնաւէտ համագործակցութեան:
Նալբանդեան զուիցարիացի պաշտօնատարներուն ներկայացուց Արցախի հիմնահարցին շուրջ վերջին զարգացումները եւ հիմնահարցի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի ու Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու համատեղ ջանքերը: