Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի ջանքերուն շնորհիւ՝ Հայաստան տեղափոխուած եւ թանգարանին նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած ամերիկաբնակ հայ գերդաստանի մը ընտանեկան արխիւը:
Ամերիկաբնակ Սուսան Սոլաքեան Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին յանձնած է իր մեծ ընտանիքին պատմութիւնը՝ յուշագրութիւններ, փաստաթուղթեր եւ լուսանկարներ: Ան վստահ է, որ իրենց ընտանեկան մասունքները յանձնուած են հոգատար ձեռքերու, իսկ իրենց նպատակն է՝ յաջորդ սերունդներուն փոխանցել ամէնէն կարեւոր բանը՝ յիշողութիւնը:
Ծնունդով Մեզրէէն (Խարբերդի նահանգ) Թոմաս եւ Էսթեր Մկրտիչեաններու ընտանեկան աւելի քան մէկ դարեայ պատմութիւնը՝ իրենց պատմական հայրենիքէն բռնագաղթուելէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակութիւն հաստատելը, հարուստ է պատմագրական ճշգրիտ տեղեկութիւններով, ինչպէս նաեւ մարդկային կորուստի ծանրագոյն դրսեւորումներով:
Ընտանեկան արխիւային նիւթերը կարեւոր սկզբնաղբիւր են Խարբերդի հայերու տեղահանութեան, կոտորածներու, մասնաւորապէս գերմանացի պաշտօնեաներու՝ թուրքերու մեղսակիցը եւ աջակիցը ըլլալու, հայ մտաւորականութեան դաժան սպանութեան, կիրառուած բռնութեան, ինչպէս նաեւ գաղթականներու դրութեան մասին: Նիւթերը մանրամասնօրէն պիտի ուսումնասիրուին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գիտաշխատողներուն կողմէ եւ պիտի ներկայացուին հանրութեան: