ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հանրապետութեան նախագահ, զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ՝ 12 Յունուարին պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Զինուած ուժերու արդիականացման եօթնամեայ ծրագիրի նախագիծի քննարկումը:
Նախագահը զեկոյցներ ստացաւ մշակուած ծրագիրի նախագիծի հիմնական ուղղութիւններուն եւ կարեւորագոյն սկզբունքներուն մասին: