Ֆրանսայի Հայկական ընկերութիւնները համակարգող խորհուրդը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հանդիպումէն առաջ եւ ետք, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին ուղղուած յայտարարութիւններով հանդէս եկած էր: «Թերթ»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին Ֆրանսայի Հայկական ընկերութիւնները համակարգող խորհուրդի նախագահ Մուրատ Փափազեան յայտնեց, որ իրենց յայտարարութեան մէջ նշած էին, թէ դէմ չեն, որ Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ միջեւ հանդիպումներ ըլլան, բայց երբ Ֆրանսայի պէս երկիր մը կ՛ընդունի Թուրքիոյ՝ այդ ալ Էրտողանի պէս նախագահ մը, Ֆրանսան պէտք է իր խօսքը յստակօրէն ըսէ:
«Ֆրանսան եւ Թուրքիան դաշնակից երկիրներ են, կան քանի մը հարցեր՝ անվտանգութեան, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի եւ այլն, եւ բնական է, որ Ֆրանսան այս ուղղութիւններով համագործակցի Թուրքիոյ հետ: Ասիկա յստակ է, եւ հակառակը ոեւէ մէկը չի կրնար ըսել: Ֆրանսայի նախագահը Էրտողանի հետ հանդիպումին բարձրաձայնեց մաքսային իրաւական հարցերու, բանտարկուած լրագրողներու, Թուրքիոյ՝ Եւրոպական Միութեան անդամ դառնալու անկարելիութեան հարցերը: Բայց ան չանդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան, Կիպրոսի եւ քիւրտերու հարցերուն: Մենք դատապարտեցինք եւ կը դատապարտենք այդ մէկը, որովհետեւ այդ բնական չէր: Իր պարտականութիւնն էր այդ կատարելը, որովհետեւ Ֆրանսան, որպէս ժողովրդավարական երկիր, որպէս օրինակ, Եւրոպայի մէջ առաջնորդ պետութիւն՝ պէտք է միշտ իր խօսքը ըսէ այսպիսի երկիրներու ղեկավարներուն», ըսաւ ան:
Մուրատ Փափազեանը համաձայն գտնուեցաւ, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի համար կարեւոր են այլ երկիրներու հետ տնտեսական յարաբերութիւնները: Ան մատնանշեց, որ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը կարեւոր շուկաներ են Ֆրանսայի համար: «Մենք նաեւ մեր Մաքրոնին ուղղուած յայտարարութեան մէջ դատապարտեցինք, որ պէտք չէր հանդիպումի առաջին իսկ պահուն ստորագրէին ռազմական համագործակցութեան պայմանագիրներ: Մենք վտանգուած ենք, որովհետեւ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը թշնամական քաղաքականութիւն կը վարեն: Հոլանտի նախագահութեան օրերուն նման հարցեր չկային: Մենք աշխատանք տարած ենք Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, Հայ Դատի, Արցախի ճանաչման հարցերուն ուղղութեամբ: Իսկ հիմա ալ մենք պէտք է աշխատինք, դժուար պիտի ըլլայ, բայց պէտք է աշխատինք», ըսաւ ան:
Ըստ ֆրանսահայ գործիչին, դժուար պիտի ըլլայ ներկայիս նախագահ Մաքրոնի հետ աշխատիլը, բայց պէտք է, որ Հայաստանն ալ Ֆրանսայի համար կարեւոր երկիր ըլլայ: «Հայաստանը փոքր երկիր է, բայց կրնայ հանգրուան ըլլալ այլ երկիրներու ընկերութիւններու համար», ըսաւ ան:
Մուրատ Փափազեան, որպէս Ֆրանսան հետաքրքրող բան, մատնանշեց Հայաստանի մէջ այս տարի սպասուող իրադարձութիւնները: «Այս տարի առաջին հանրապետութեան 100ամեակն է: Ներկայ պիտի ըլլայ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը: Պատմական նախաձեռնութիւն է, եւ պէտք է յաջողինք», ըսաւ ան:
Երկրորդ, Ֆրանսան հետաքրքրող ձեռնարկը, ըստ Մուրատ Փափազեանի, Հոկտեմբերին Հայաստանի մէջ ֆրանսախօսութեան նուիրուած ծրագիրներն են, որոնց պիտի մասնակցի անձամբ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը:
«Այս տարի տեղի պիտի ունենան նախաձեռնութիւններ, որպէսզի Հայաստանը արժեւորուի: Այս մէկը շատ կարեւոր իրադար-ձութիւն մը պիտի ըլլայ, եթէ յաջողութիւն արձանագրենք: Բայց հարց կայ, եւ բոլորս պէտք է գիտակցինք, թէ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կը տեսնեն, որ Հայկական Սփիւռքը յաջողած է Ֆրանսայի մէջ ունենալ ամենաբարձր մակարդակներու վրայ իր կապերը, եւ գուցէ ատոր դէմ քայլեր ձեռնարկեն: Չկայ ուրիշ երկիր մը, որուն նախագահը կու գայ մասնակցելու հայութեան կազմակերպած ձեռնարկին: Մենք մեր ուժերը պէտք է ուղղենք, միացնենք, աշխատինք այդ ուղղութեամբ: Յստակ է, որ մեզի համար դժուար պիտի ըլլայ հիմա, որովհետեւ Մաքրոնի հարցը երկիրը տնտեսապէս բարելաւելն է», ըսաւ ան:
Ֆրանսայի նախագահը, ըստ Մուրատ Փափազեանի, ստացած է Հայկական ընկերութիւնները համակարգող խորհուրդի յայտարարութիւնը եւ անոնք կը պատրաստուին իրենց դիտարկումները ներկայացնել խորհուրդի այս տարուան ընթրիքին, որուն հաւանաբար ներկայ ըլլայ նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոն: