Շաբաթ, 6 Յունուարի առաւօտեան ժամը 10ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարի զանգերու ղօղանջներուն ներքոյ եւ Արամ Ա. կաթողիկոսին գլխաւորութեամբ, Հայրապետական թափօրը վեհարանէն ուղղուեցաւ Մայր տաճար, Ս. եւ անմահ պատարագով նշելու Աստուածայայտնութեան տօնը: Պատարագին ներկայ էին մեծ թիւով հաւատացեալներ, որոնց շարքին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան լրիւ կազմը, Լիբանանի Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ պետական երեսփոխան տիար Յակոբ Բագրատունի, ինչպէս նաեւ պետական ու համայնքային անձնաւորութիւններ:
Հաւատացեալ ամբոխին յղելով իր Ս. Ծննդեան պատգամը՝ Արամ Ա. վեհափառը ըսաւ. «Բեթղեհէմի մէջ մարդեղացած Աստուծոյ Որդւոյն պատգամը կը շարունակէ հնչել անարդարութեամբ, պատերազմներով, բեւեռացումներով ու տագնապներով լեցուն աշխարհին մէջ: Արդարեւ, արդարութիւնն ու փոխադարձ յարգանքն է մնայուն, ամբողջական ու ճշմարիտ խաղաղութեան հիմքը»: Յիշեցնելէ ետք Բեթղեհէմի պատգամը՝ հայրապետը ըսաւ, «Ներկայ աշխարհը հեռու է Քրիստոսի աշխարհ բերած արժէքներէն ու սկզբունքներէն: Ներկայ աշխարհին մէջ տիրապետողը, դժբախտաբար, շահն է, ոչ՝ իրաւունքը, երկրաւոր արժէքներն են, եւ ոչ՝ երկնային ճշմարտութիւնները։ Նոր տարուան առիթով աշխարհի պետերը մաղթանքներ կատարեցին ու պատգամներ ուղեցին: Մենք իրենց կ«ըսենք, որ ամէն բանէ առաջ արդարութի՛ւն կատարեցէք, փոխադարձ յարգա՛նք պատգամեցէք, աղքատներուն իրաւունքը մի՛ խլէք, փտածութենէ հեռո՛ւ մնացէք, ձեր անձերու շահը ժողովուրդի շահէն գերիվեր մի՛ դասէք»:
Խօսելով փոխադարձ յարգանքի կենսական կարեւորութեան մասին՝ կաթողիկոսը յայտնեց. «Արդարութիւնը կ՛ենթադրէ արդար ըլլալ ուրիշներու իրաւունքներուն նկատմամբ, ճանչնալ ու յարգել ուրիշը այնպէս ինչպէս որ է: Աստուածային ճշմարտութեան գծով տարբեր մօտեցումներ կան. իրաւունք չունինք մեր ըմբռնումները ուրիշներուն պարտադրել, այլ՝ անհրաժեշտ է փոխադարձ յարգանքով ամրապնդել ազգերու, մշակոյթներու ու կրօններու համակեցութիւնն ու գործակցութիւնը: Այսպէս կ՛ըսեն միաստուածեան երեք կրօններուն ուսուցումները»:
Իր պատգամի վերջին բաժինին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս անդրադարձաւ Երուսաղէմի հարցին: «Երուսաղէմի պատմութիւնը ծանօթ է բոլորին: Երուսաղէմի ինքնութիւնն ու կարեւորութիւնը եւս ծանօթ են բոլորին: Հետեւաբար, Երուսաղէմի գծով միակողմանի մօտեցում ցուցաբերել ընդունելի չէ: Ի հեճուկս տեղւոյն ժողովուրդին իրաւունքներուն, զէնքի ուժով կատարուած բռնագրաւումը օրինականացնելը միջազգային օրէնքին դէմ է: Երուսաղէմի գծով չենք կրնար անտեսել միջազգային օրէնքի տուեալները. միաստուածեան կրօններու իրաւունքները, աւանդութիւններն ու սրբութիւնները: Չմոռնանք նաեւ, որ Երուսաղէմի մէջ հայ եկեղեցին իր իրաւունքները ունի: 638 թուականէն սկսեալ Երուսաղէմի մէջ հայոց պատրիարքութիւն հիմնուած է, ուր 97 պատրիարքներ ունեցած ենք. հայկական եկեղեցիներ, ուխտավայրեր, ինչպէս նաեւ հայկական համայնք գոյութիւն ունին հոն, եւ մեր եկեղեւցւոյ իրաւունքները պատմական ու իրաւական ճանաչում ունին: Չենք կրնար միակողմանի մօտեցումով, Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաքը հռչակելով անտեսել այս բոլորը: Նման մօտեցումներ փաստօրէն անարդարութիւնը կը խորացնեն, կրօններու ու ժողովուրդներու միջեւ նոր տագնապներ կը յառաջացնեն ու Միջին Արեւելքի խաղաղութեան ընթացքը կը խանգարեն»։
Վեհափառը իր պատգամին սկիզբը ողջունեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը, ինչպէս նաեւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Ա. կաթողիկոսը, Երուսաղէմի պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանը եւ Պոլսոյ պատրիարքական տեղապահ Գարեգին արք. Պէքճեանը: