Սերժ եւ Անժելա Թանքեանները միացած են Հայաստանի մէջ կարիքաւոր ընտանիքներու սննդամթերքով ապահովելու ծրագիրին:
Անոնք արդէն երկրորդ տարին ըլլալով «Օրրան»ի միջոցաւ կարիքաւոր ընտանիքներուն ամանորեայ տօներուն ընդառաջ քաղցրաւենիքով եւ սնունդով լեցուն տոպրակներ նուիրած են:
Թանքեաններու նուիրատուութեան շնորհիւ «Օրրան»ի 215 շահառու ընտանիքներուն զուգահեռ մեծաքանակ պարէնամթերք ստացած են: Եւս 212 կարիքաւոր ընտանիքներ, որոնք ընտրուած են Գիւմրիէն, Վանաձորէն եւ հեռաւոր գիւղերէն: Վերոյիշեալ 212 կարիքաւոր ընտանիքներու ընտրութեան եւ մթերքը բաժնելու գործին իրենց ներդրումը ունեցած են «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան» եւ «Կանանց ռեսուրսային կենտրոն» կազմակերպութիւնները:
Այս նախաձեռնութիւնը նպատակ կը հետապնդէ թեթեւցնել կարիքաւոր մարդոց դրութիւնը եւ յոյս տալ անոնց՝ 2018 թուականին հանդէպ լաւատեսօրէն տրամադրուելու համար: