Արցախցի լուսանկարիչ Արեգ Բալայեանի «MOB» նախագիծը, որ այս տարի մրցանակային տեղ գրաւած է LensCulture Exposure միջազգային մրցումին, ճանչցուած է 2017ի Lenscultur-ի 25 լաւագոյն լուսանկարչական պատմութիւններէն մէկը:
Ըստ «րցախփրէս»ի՝ Արեգ Բալայեան ըսած է, որ լուսանկարչական պատմութեան ընտրութեան ընթացքին խմբագիրներու փակ քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք՝ տարուան լաւագոյն լուսանկարչական պատմութիւններէն մէկն ճանչցուած է իր ներկայացուցածը:
Արեգ Բալայեանի «MOB» նախագիծը ապրիլեան պատերազմի օրերուն մասին է, ուր ան ականատեսի աչքերով արտացոլած է սահմանին կանգնած զինուորներուն կեանքն ու առօրեան:
Նշենք, որ www.lensculture.com կայքը կը կազմակերպէ միջազգային շարք մը լուսանկարչական մրցումներ, որոնց կրնան մասնակցիլ աշխարհի զանազան պետութիւններէ:
Նշենք, որ LensCulture Exposure 2017 միջազգային մրցումին մասնակցած են հինգ ցամաքամասներու 22 երկիրներէ 44 լուսանկարիչներ: