ԵՐԵՒԱՆ.- Դեկտեմբեր 27ին, Հայաստանի Հայկական գորգի ազգային կեդրոնին մէջ հանդիսաւորութեամբ բացուեցաւ Հայկական գորգի թանգարանի առաջին եւ շատ սպասուած ցուցանմոյշը՝ «Գրիգոր Զօհրապ» գորգը:
Հայկական գորգի ազգային կեդրոնի հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ հնարաւոր եղաւ ձեռք բերել եւ Հայաստան տեղափոխել «Գրիգոր Զօհրապ» գորգը, որ պատմական նշանակութիւն ունի:
Արդարեւ, գորգը խորհրդանշական ձեռքբերում է Հայկական գորգի թանգարանին համար. անիկա իր մէջ կ՛ամփոփէ հայ ժողովուրդի պատմութեան ամբողջական ժամանակաշրջան մը, որ լի է անվերջ պայքարով, մեծ կորուստներով եւ վերապրելու կարողութեամբ:
Հայկական լեռնաշխարհը գորգագործութեան հնագոյն կեդրոններէն է, եւ որքա՛ն ալ հայկական գորգարուեստը տարբեր ըլլայ իր գոյներով, զարդանախշերով եւ խորհրդանշաններով, այնուամենայնիւ անիկա կ՛առանձնանայ իր ուրոյն ձեռագիրով եւս: Այս բազմազանութեան մէջ հետաքրքրական են դիմանկարային գորգերը:
Դիմանկարային գորգի եզակի նմոյշ մըն է Գրիգոր Զօհրապի պատկերով հիւսուած գորգը, որ, փորձագէտներու կարծիքով՝ գործուած 1909էն առաջ, Սեբաստիոյ մէջ, Բեդուկեան ընտանիքին կողմէ: Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն գորգը կորսուած է, այնուհետեւ գտնուած է Ճեք Քաթըրի արեւելեան գորգերու հաւաքածոյին մէջ: 2017ի գարնան, գորգը յայտնուած է Աւստրալիոյ կատարուած աճուրդի մը ընթացքին, ուր յատուկ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է։
Հայկական գորգի ազգային կեդրոնի հիմնադիր Վիկտոր Մնացականեան յաջողած է գնել գորգը եւ զայն նուիրել Հայկական գորգի թանգարանին: Պատկերագորգը պիտի ընդգրկուի Հայկական գորգի թանգարանի մշտական ցուցադրութեան ցանկին մէջ: