– Դեկտեմբեր 25ին, Թուրքիոյ հարաւ-արեւելեան Հաքքարի նահանգի Շեմտինլի շրջանին մէջ թրքական զինեալ ուժերը գործողութիւն մը իրականացուցած են Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալներուն դէմ. ընթացքին, ըստ թրքական «Հապերլեր» լրատուամիջոցին, սպաննուած են երկու թուրք զինուորներ եւ վիրաւորուած է ուրիշ մը։
– Հակառակ «Օպամաքեր»ը ձախողութեան մատնելու ամերիկեան ներկայ վարչակազմի ջանքերուն, 8.8 միլիոն քաղաքացիներ պետական համացանցային կայքին միջոցով արձանագրուած են այդ առողջապահական ապահովագրութեան։ Այս թիւը միայն 4.4 տոկոսով նուազ է անցեալ տարուան թիւէն, հակառակ անոր որ ներկայ վարչակազմը արձանագրութեան ժամանակամիջոցը 90 օրէն 45 օրի իջեցուցած է։