ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Դեկտեմբեր 3ին կայացած ընթրիքի մը ընթացքին, Ամերիկահայ Ծաղկասայլի ընկերակցութիւնը (American Armenian Rose Float Association) 80,000 տոլար հանգանակեց՝ Յունուար 1ին տեղի ունենալիք Փասատինայի 129րդ Վարդատօնին մասնակցող հայկական 4րդ ծաղկասայլի կառուցման ի նպաստ:
Մօտաւորապէս 250 հիւրեր ներկայ գտնուեցան դրամահաւաքին, որ տեղի ունեցաւ «Phoenix Decorating» ընկերութեան Ըրվընտէյլի կեդրոնին մէջ: Երեկոյթին ընթացքին ներկաները առիթը ունեցան մօտէն տեսնելու նորագոյն հայկական ծաղկասայլը, որ կը պահուի ու կը կառուցուի նշեալ ընկերութեան հսկայ աշխատանոցին մէջ: Ցարդ, ամբողջացուած են ծաղկասայլի մարմինն ու ճարտարապետական այլ բաղադրամասերը: Ծաղկասայլի այսպէս կոչուած «չոր զարդարումը» կը կատարուի Դեկտեմբեր 2էն ի վեր, իսկ ծաղկային լրացուցիչ զարդարումը պիտի գործադրուի Վարդատօնի նախորդող հինգ օրերուն ընթացքին:
Բարի գալուստի իր խօսքով, հանդիսավար Թագուհի Սողոմոնեան շեշտեց հայկական ծաղկասայլին նման մեծածաւալ ծրագիրի մը համար համայնքային սատարին կարեւորութիւնը, նկատի ունենալով համաշխարհային այն ուշադրութիւնը, որուն կ՛արժանանայ ծաղկասայլը 2015էն ի վեր՝ հայ ժողովուրդն ու մշակոյթը ներկայացնելով Փասատինայի Վարդատօնին ընդմէջէն:
Արձագանգելով Վարդատօնի 2018ի թեմային, որն է՝ «Սատարել Մարդկային Բարօրութեան», հայկական նորագոյն ծաղկասայլը կը կոչուի «Հայկական Արմատներ», ի պատիւ հայ կիներու անձնուրացութեան, առատաձեռնութեան եւ բարեսիրութեան։
Դեկտեմբեր 3ի ձեռնարկին բազմաթիւ կիներ մեծարուեցան՝ իբրեւ այդ առանձնայատկութիւնները մարմնաւորող անհատներ. անոնք էին՝ Թելմա Ալթուն, Սիրվարդ Ջիմայեան, դոկտ. Ալինա Տորեան, Քարմեն Լիպարիտեան, Սիլվիա Մինասեան, Ալիս Պետրոսեան, Ռամելա Մարգարեան եւ Կրէյս Ստեփանեան:
Հանդէս եկաւ նաեւ Ամերիկահայ Ծաղկասայլի ընկերակցութեան հոգաբարձութեան նախագահ Արթուր Քոքոզեան. ան ընդգծեց հայկական ծաղկասայլին նշանակութիւնը՝ որպէս հոյակապ միջոց մը, որ կարելի կը դարձնէ աշխարհի տարածքին աւելի քան 2 միլիառ հանդիսատեսներու ներկայացնել հայ ժողովուրդին մշակութային հարուստ ժառանգն ու այլազան նուաճումները:
Երեկոյթի ամբողջ տեւողութեան, Ամերիկահայ Ծաղկասայլի ընկերակցութեան հոգաբարձութեան անդամ Ստեփան Փարթամեան յայտարարեց շարք մը նուիրատուութիւններ, որոնք տեղւոյն վրայ կը կատարուէին հիւրերու կողմէ: «Այս երեկոյթը, Ամերիկահայ Ծաղկասայլի ընկերակցութեան գործունէութեան նման, կը մարմնաւորէ «նուազագոյն ծախս եւ առաւելագոյն արդիւնք»ի գաղափարը: Մենք կրցանք այս ձեռնարկը կազմակերպել միայն 15,000 տոլարով, եւ ահա արդէն հանգանակուեցաւ 80,000 տոլար գումար մը, որ մեզի պիտի օգնէ հոգալու հայկական նորագոյն ծաղկասայլի կառուցման եւ Փասատինայի Վարդատօնին մասնակցութեան ծախսերու կարեւոր մէկ մասը», յայտնեց Փարթամեան։
Ձեռնարկի աւարտէն առաջ, Փարթամեան դրուատեց Ամերիկահայ Ծաղկասայլի ընկերակցութեան 2017-2018ի հոգաբարձութեան անխոնջ աշխատանքն ու նուիրումը, ապա նշեց իր գործակից հոգաբարձուներուն անունները՝ Յովիկ Չիմայեան, Նուպար Տէր Պետրոսեան, Մարի Տէր Բարսեղեան, Արթուր Քոքոզեան, Ճանի Քանունճի, Քարմէն Լիպարիտեան, Մկօ Փանոսեան, Յակոբ Բարսեղեան եւ Ռընէ Սիմոնեան:
Ամերիկահայ Ծաղկասայլի ընկերակցութիւնը, որուն միակ նպատակն է դրամահաւաքներ կազմակերպելով իրականացնել հայկական ծաղկասայլի մասնակցութիւնը՝ Փասատինայի Վարդատօնին, կը շարունակէ նուիրատուութիւններ ընդունիլ եւ կը քաջալերէ առեւտրական ընկերութիւններու մեկենասութիւնը: Տուրքէ զերծ նուիրատուութիւնները կարելի է կատարել ընկերակցութեան aarfa.org կայքին վրայ, կամ գումարը ղրկել հետեւեալ հասցէին՝ AARFA, P.O. Box 60005, Pasadena, CA 91116: