Միսակ Ապտուլեան ծնած է Քեսապ, Սուրիա, Յունիս 23, 1934ին. Յովհաննէս եւ Մարթա Ապտուլեաններուն 7րդ զաւակն էր ան: Մեծցած էր տաքուկ, հայաշունչ եւ քրիստոնեայ ընտանիքի մէջ, իր երկու քոյրերուն՝ Արաքսի ու Մարիի, եւ հինգ եղբայրներուն՝ Յակոբի, Տանիէլի, Վահէի, Վազգէնի եւ Հրայրի հետ: Տունը, եկեղեցին, դպրոցը եւ գիւղական կեանքը իրեն ուրախութիւն պատճառած են:
Իր նախնական ուսումը ստացած է Քեսապի Հայ Աւետարանական դպրոցին մէջ: Աւարտելէ ետք՝ շարունակած է իր ուսումը Լաթաքիոյ «American Boys» վարժարանը: Ապա հետեւած է Հալէպի Aleppo College Freshman եւ Sophomore դասարաններուն: Աւարտելէ ետք Aleppo College-ը՝ ընդունուած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը, ուրկէ ստացած է իր Պսակաւոր գիտութեանց վկայականը (BS)։
1958ին ընդունուած է Ամերիկեան համալսարանի բժշկական դպրոցը, զոր 1962ին աւարտած է իբրեւ բժիշկ: Երկու տարի աշխատած է իբրեւ ծննդաբերութեան մասնագէտ:
1963ին կու գայ Ամերիկայի Շիքակօ քաղաքը, կը միանայ Lying Inn հիւանդանոցին ու մէկ տարի եւս կ՛աշխատի իբրեւ ծննդաբերութան մասնագէտ: Ապա կ՛որոշէ իր ճիւղը փոխել միզաբանութեան (Urology), Lexington Kentucky համալսարանի հիւանդանոցին մէջ: Մէկ տարի վիրաբուժութիւն կ՛ընէ եւ երեք տարի՝ միզաբանութեան residency: Residency-ն լրանալէ ետք, կը միանայ Ամերիկեան բանակին, որ կարենայ Ամերիկայի քաղաքացի ըլլալ:
Վեց շաբաթ վարժողական ճամբարի կը հետեւի Հիուսթընի մէջ, ապա զինք կ՛ուղարկեն Ճափոն, մեծ զինուորական հիւանդանոցի մը մէջ դարմանելու համար Վիեթնամի պատերազմի վիրաւոր զինուորները. ան միակ միզաբանը եղած է այդ հիւանդանոցին մէջ: Հոն ծառայած է 26 ամիս՝ մինչեւ Փետրուար 1969. շատ գնահատուած է զինուորներուն հանդէպ իր գուրգուրանքին համար:
1970ին կը վերադառնայ Լոս Անճելըս, ուր կը միանայ միզաբանութեան խումբի մը ու կը սկսի աշխատելու Լոս Անճելըսի եւ Պըրպենքի Good Samaritan, St. Joseph եւ Hollywood Presbyterian հիւանդանոցներուն մէջ:
1986ին կ՛ունենայ իր սեփական բուժարանը, զոր կը պահէ մինչեւ հանգստեան կոչուիլը։
1975ի Յունուար 24ին կ՛ամուսնանայ Լիբանանէն Հուրիկ Խանճեանի հետ, 41 տարի կ՛ունենան ուրախ ամուսնական կեանք մը: Կ՛ունենայ երկու զաւակներ՝ Մարի Թամար եւ Մայքըլ Յովիկ, որոնք չափազանց ուրախութիւն կը պատճառեն իրեն. ան կը քաջալերէ իր զաւակները, որ զարգանան ու մասնագէտներ դառնան: Մարի Թամար physician assistant կը դառնայ եւ կ՛ամուսնանայ Լիֆ Օլսընի հետ, իսկ Մայքըլը՝ ոսկորի վիրահատ (orthopedic surgeon), կ՛ամուսնանայ Սիլվիա Աշուրի հետ եւ կ՛ունենայ երկու զաւակ՝ Ալին եւ Ալեքսիա:
Միսակ շատ սիրեց իր ընտանիքը, զաւակները եւ թոռնիկները: Կը սիրէր ամէն Կիրակի եկեղեցի երթալ եւ եղած է Trustee՝ բազում օգնութիւններ ցուցաբերելով եկեղեցիին: Միսակ հոգեկան գոհունակութիւն կը զգար՝ միութիւններէն ներս կամաւոր աշխատանք տանելով: Աշխատած է Քեսապի ուսումնասիրաց միութեան մէջ իբրեւ վարչութեան ատենապետ եւ անդամ: Նաեւ, հիմնադիր անդամ եղած է Հայ Ամերիկեան բժշկական միութեան՝ ըլլալով անոր վարչութեան ատենապետ եւ անդամ: Քաջալերած է ու իր խորհուրդներով օժանդակած երիտասարդ բժիշկներու:
Հիմնադիր անդամ է Հայ Աւետարանական Մերտինեան վարժարանին եւ գործօն անդամ՝ այդ վարչութեան մէջ: Կամաւոր աշխատանք տարած է հիւանդանոցներու յանձնախումբերուն մէջ եւ մեծարուած իր կատարած գործերուն համար:
Կը սիրէր գիրք կարդալ եւ քաղաքական վերլուծումներ ընել, կը սիրէր որսի երթալ իր սիրելի քեսապցի ընկերներուն հետ, եւ ամէն Շաբաթ օր նախաճաշի երթալ՝ այլ ընկերներու հետ: Հանդարտ բժիշկ մըն էր ան, աշխատասէր, սիրալիր, ազնիւ, ինքնավստահ, հաւատարիմ եւ պարկեշտ: Տաղանդ ունէր ծիծաղելի պատմութիւններ պատմելու՝ շուրջինները զուարճացնելու համար:
Դժբախտաբար, 2013 Յուլիսին Միսակ հիւանդացաւ ստամոքսի քաղցկեղով եւ չորս տարի տառապեցաւ՝ հետզհետէ տկարանալով: 2015ի Յունուարին քաշուեցաւ գործէն եւ փակեց իր բժշկական գրասենեակը, ուր մեծ եւ յաջող գործ կը վարէր՝ հիւանդները ուրախ եւ երախտապարտ պահելով:
Միսակ կը սիրէր բժշկութիւնը եւ յատկապէս իր գործը. հոգեկան մեծ գոհունակութիւն կը զգար, երբ կ՛առողջացնէր հիւանդ մը կամ ընկեր մը: Շատ սիրալիր ամուսին, հայր, մեծ հայր, եղբայր, հօրեղբայր, զարմիկ եւ ընկեր մըն էր ան:
Միսակ իր մահկանացուն կնքեց Երեքշաբթի, 7 Նոյեմբեր 2017ին, իր երկրորդ տան՝ Hollywood Presbyterian հիւանդանոցին մէջ, 83 տարեկան հասակին:
Ան իր ետին թողուց իր կինը՝ Հուրիկ, աղջիկը՝ Մարի Թամար եւ ամուսինը Լիֆ, որդին՝ Մայքըլ եւ կինը Սիլվիա, թոռները՝ Ալին եւ Ալեքսիա, եղբայրները՝ Տանիէլ եւ Վազգէն ու անոնց ընտանիքները: Իր յիշատակը մի՛շտ վառ պիտի մնայ մեր սիրտերուն մէջ։
Տոքթ. Միսակ Ապտուլեանի Յիշատակին
Սիրելի՛ Ապտուլեան ընտանիք եւ բարեկամներ,
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան անունով եւ անհատապէս կու գամ ողջունել տասնամեակներու կողակից, հայր, մեծ հայր, եղբայր եւ բարեկամ տոքթ. Միսակ Ապտուլեանի անզուգական, աստուածաբարոյ, օրինակելի եւ երջանկաբեր կեանքի աստուածային պարգեւը:
Մարդկային սահմանումներու ոլորտին մէջ համեստութեան, խոնարհութեան եւ պարզութեան հոմանիշ Միսակը եզակի անհատականութեան տէր զաւակն է Աստուծոյ: Անոր աչքին առջեւ, Միսակ կը հսկայանայ՝ ցուցաբերելով Իր ստեղծագործութեան բարի ըլլալու կատարեալ խորհրդանիշը:
Եթէ երբեք իմ հեղինակած «Դրախտային Քեսապը» ստեղծագործութեան մէջ նկարագրած քեսապցիի կատարեալ նախատիպարը փնտռեմ, ապա ենթագիտակցութեանս մէջ անպայմա՛ն Միսակը ի մտի ունեցած ըլալլու եմ:
Եւ ահաւասիկ՝
«Իր լուսաշող գիւղերու զաւակի վայել պարզ համեստութեամբ,
Անոր մշտահոս ջինջ աղբիւրներու մաքրութեան հասնող անբասիր սրտով,
Անոր սարերու լանջքերուն վրայ հաստատուն կառչած ժայռերու նման պողպատեայ կամքով,
Անոր ձորերուն մէջ ծիլ տնկած մայրիներու նման մշտադալար,
Անոր բերրի դաշտերուն եւ պտղատու ծառերուն նման արգասաբեր,
Անոր պայքարի եւ դիմադրութեան ատակ եղող զաւակներու պէս քաջարի,
Անոր լեռներու երկնասլաց գագաթներուն նման աստուածամերձ»։
Ահաւասի՛կ Միսակը: Եզակիներու եզակին, որուն պողպատեայ կուրծքին տակ աննման, անսահման եւ անպարագիծ սիրտ մը զետեղած է Աստուած, օրհնութեան աղբիւր մ՛ըլլալու՝ ծանօթին կամ անծանօթին, տկարին կամ զօրաւորին, փոքրին թէ չափահասին, առողջին թէ հիւանդին, սեւին թէ սպիտակին:
Միսակը ընկեր է եւ բարեկամ, եղբայր եւ գործակից: Բարիի՝ գործակից, անխոնջ ծառայող եւ անզուսպ նուիրող՝ իր տաղանդը, բժշկելու մասնագիտութիւնը, քսակը եւ ծառայութեան բխրուն ոգին՝ եկեղեցւոյ եւ դպրոցին, ազգին թէ հայրենիքին:
Սգալ Միսակը՝ անհեթե՛թ է: Փա՜ռք Աստուծոյ՝ իր պայծառ եւ լուսաշող կեանքին համար:
Սգալ՝ մենք զմեզ գուցէ, եւ մխիթարուիլ իր օրինակին հետեւելու անխոնջ տենչանքով:
Ցտեսութիւն՝ սիրելի՛ Միսակ:
Հողը թեթեւ գայ վրադ:
ԶԱՒԷՆ ԽԱՆՃԵԱՆ
Գործադիր Տնօրէն
Նոյեմբեր 18, 2017