ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Ազգային վարժարանի ընտանիքը Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 14ի երեկոյեան, վարժարանի յարկին տակ մասնակցեցաւ պաշտօնական հանդիսութեան մը, նախկին ուսուցիչներէն՝ հանգուցեալ Անիթա Թորոսեանի յիշատակին նուիրուած գրադարան-ուսումնական կեդրոնի բացման առիթով:
Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի նախագահութեամբ։ Առաջնորդ սրբազանին կ՛ընկերանար Արտակ քհնյ. Տէմիրճեան:
Հանդիսավարը՝ Րաֆֆի Համբարեան, արտասանեց ողջոյնի խօսքը, ապա յաջորդաբար հրաւիրեց վարժարանի Ուսումնական մարմինի ներկայացուցիչ ու յատուկ յանձնախումբի ատենապետ Արթին Ղազարեանը, տնօրէնուհի դոկտ. Թալին Քարկոտորեանը եւ Ուսումնականի ատենապետ Արմէն Աբրահամեանը, որոնք արտասանեցին սրտի խօսքեր:
Այնուհետեւ, առաջնորդ սրբազանը, վարժարանի տնօրէնութեան եւ Ուսումնական մարմինի անդամներուն հետ միասին յուշանուէրներ յանձնեցին Արթին Ղազարեանին եւ հանգուցեալ ուսուցչուհիի ամուսնոյն՝ Հենրիկ Յակոբեանին, որ յանձն առած էր այս կեդրոնի բարերարութիւնը:
Առաջնորդ սրբազանը յայտարարեց, որ «աւելի քան երկու տարի անցած է այն օրէն, երբ Անիթա Թորոսեանը ֆիզիքապէս բաժնուեցաւ բոլորէս, սակայն անոր հոգին մեզի հետ է ու կենդանի կը մնայ, զինք կը յիշենք իբրեւ սիրող եւ գուրգուրացող տիկին, մայր, դուստր, քոյր, բարեկամ եւ ներշնչող ուսուցչուհի: Ան պիտի շարունակէ ապրիլ բոլոր անոնց հետ, որոնց կեանքին մէջ հետք մը թողած է. իսկ այս կեդրոնը, որ անոր ամուսնոյն՝ Հենրիկի կողմէ կը նուիրուի անոր յիշատակին, պիտի ըլլայ գործնական յուշարար մը»: Առաջնորդ սրբազանը ընդգծեց, որ Անիթան իր կեանքին ընթացքին նուիրուեցաւ դաստիարակչական գործի, հարստացուց եւ լուսաւորեց մատղաշ սերունդներու միտքերը, եւ ահա, անոր մեկնումէն ետք եւս, այս արդիական կեդրոնին ճամբով իրերայաջորդ սերունդներ պիտի շարունակեն հարստանալ միտքով ու հոգիով:
Իր խօսքի աւարտին, առաջնորդ սրբազանը օրհնեց Հենրիկ Յակոբեանն ու դուստրերը եւ մաղթեց, որ այս կեդրոնէն արձակուող լոյսը մխիթարանք ըլլայ հարազատներուն: Ան նաեւ գնահատանք արձանագրեց վարժարանի անձնակազմին՝ նոր սերունդի դաստիարակութեան անոր նուիրեալ ծառայութեան համար: Ապա տեղի ունեցաւ վերակառուցուած գրադարան-ուսումնական կեդրոնի բացման արարողութիւնը՝ ժապաւէնի հատումով եւ յուշատախտակի քօղազերծումով: Կատարուեցաւ նաեւ հոգեհանգստեան աղօթք, ապա ներկաները վայելեցին պատշաճ հիւրասիրութիւն: