Մեղմ ու կանաչազարդ բարձունքներու միջեւ ծաղկած՝ Կարկառ Գետի վտակի կողքին, Քռասնին էապէս Արցախեան գիւղ մըն է – յաւերժական՝ իր սքանչելի գեղեցկութեամբ, յաւերժական՝ իր չարքաշ բնակիչներու հիւրասիրութեամբ ու դարաւոր աւանդներով:
Բայց «յաւերժական» բառը՝ որպէս նկարագրութիւն մը Հայաստանի ու Արցախի գիւղական համայնքներուն, տակաւին վտանգաւոր կերպով պայմանական կը մնայ: Պատճառը այն է, որ եթէ տնտեսական պատեհութիւնը կը պակսի, եւ եթէ ենթակառուցային ներդրումը անգոյ կամ չնչին է, ժամանակի հարց է միայն որ մարդիկ լքեն իրենց գիւղերն ու աւանները՝ աշխատանքի փնտռտուքով – եւ, վերջին հաշուով, իրենց զաւակներուն համար աւելի լաւ կեանքի մը հեռանկարով:
Իրականութիւն մըն է այս, որ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը ըմբռնած է իր մեկնարկման առաջին իսկ վայրկեանէն՝ 1992էն ի վեր: Արմատական պատճառ մը հետեւաբար, որ այդ թուականէն մինչեւ 2017, հիմնադրամը աւելի քան 350 միլիոն տոլար ներդրած է հայրենիքի բարգաւաճման համար, ընդգրկելով զարգացման մէն մի երեւակայելի բնագաւառ, եւ որ կազմակերպութեան բարերարները աշխուժօրէն ստանձնած են շրջափոխել հայրենի համայնքներու իրավիճակը՝ իրենց առաքելութիւնը վերցնելով որպէս մարտահրաւէր ու պարտականութիւն: Յակոբ Պաղտասարեան, որ մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ Սեպտեմբեր 2017ին, այդ նուիրեալ բարերարներէն էր:
Եզակի բարերար մըն էր Պաղտասարեան, տրուած ըլլալով ոչ միայն իր խոնարհ անհատականութիւնն ու բացառիկ առատաձեռնութիւնը, այլ նաեւ անհատնում եռանդը՝ ինչ կը վերաբերէր օգնելու, որ իր հայրենակիցները կարենային խոշոր նուաճումներու վերածել իրենց կարողականութիւնը: Պաղտասարեան Հայ կրթական հիմնարկութեան սիւներէն էր, որովհետեւ կը հաւատար ուսման բացարձակ կարեւորութեան: Եւ էր նուիրեալ մը Հայաստան հիմնադրամին, որովհետեւ ըմբռնած էր, առաջին իսկ Թելեթոնէն, թէ հիմնադրամը կը միտէր Հայաստանի ու Արցախի ամբողջ տարածքին համայնքներու ուժականացմամբ խթանել հայրենիքի վերելքը:
Այսօր հոյակապ շէնքի մը ուրուագիծերը տակաւ ի յայտ կու գան Քռասնիի մէջ: Ասիկա գիւղի ապագայ համայնքային կեդրոնն է՝ Հայաստան հիմնադրամին կողմէ յղացուած ու կառուցուող, եւ Պաղտասարեանի հովանաւորած վերջին ծրագիրը: Յուռթի ժառանգ մը արտայայտող ձեռնարկութիւն մըն է այս, որ կեանքի կը կոչուի օրէ օր, երբ շինարարները կը բարձրացնեն շէնքը շերտ առ շերտ՝ երբեմն իրենց իսկ աչքերուն չհաւատացող տեղացի բնակիչներուն անչափ ուրախութիւն պատճառելով: Երբ Հայաստան հիմնադրամը Պաղտասարեանի օժանդակութիւնը կը հայցէր համայնքային կեդրոնը կառուցելու համար, Քռասնիի բնակչութեան 300 հոգիէն պակաս ըլլալու իրողութիւնը բարերարին համար ծրագիրը ա՛լ աւելի գրաւիչ կը դարձնէր: Արդարեւ, Պաղտասարեան կը հաւատար որ Արցախի իւրաքանչիւր գիւղը, անկախ‘ իր ծաւալէն կամ դիրքէն, թանկագին է, հաւասարապէս արժանի‘ մեր ուշադրութեան եւ խնամքին:
Ինչպէս Հայաստանի ու Արցախի տարածքին hիմնադրամին կողմէ կառուցուած տասնեակաւոր այլ բազմահանգամանք համայնքային կեդրոնները, Քռասնիի մէջ ներկայիս շինուող կեդրոնը կենսականօրէն կարեւոր է գիւղի հանրային, տնտեսական, եւ մշակութային զարգացման համար: Առաջին հերթին, համայնքային կեդրոնը իր գոյութեամբ պիտի լուծէ կարգ մը հրատապ խնդիրներ: Ասոնց շարքին է այն իրողութիւնը, որ գիւղապետարանը տարիներէ ի վեր կը գործէ խարխուլ շէնքի մը մէջ, եւ այն իրողութիւնը, որ գիւղի դարմանատունը տեղադրուած է տեղւոյն դպրոցին մէկ անկիւնը‘ փոքր սենեակի մը մէջ:
Համայնքային կեդրոնը, որուն բացումը նախատեսուած է 2018ի ամրան համար, պիտի ներառնէ ոչ միայն գիւղապետարանը, վարչական գրասենեակներ, եւ դարմանատունը, այլ նաեւ հանդիսութիւններու սրահ մը, գրադարան մը, եւ համակարգչային սենեակ մը: Ամբողջովին արդիական կառոյց մը ըլլալով, համայնքային կեդրոնը պիտի ունենայ ջեռուցման ու օդափոխութեան համակարգեր, այլ ժամանակակից յարմարութիւններու շարքին: Ծրագիրին մաս կը կազմէ նաեւ շէնքի բովանդակ կահաւորումը, ինչպէս նաեւ համակարգիչներով ու համացանցային կապով օժտումը: Նպատակը բազմածալ է – համակարգել ու բարելաւել գիւղի հանրային ծառայութիւնները, խթանել քաղաքացիական աշխուժութիւն, եւ, վերջին հաշուով, բնակիչներուն տալ համոզիչ պատճառ մը եւս՝ շարունակել ապրելու ու աշխատելու իրենց ծննդավայրին մէջ:
«Ոչինչ կը բաղդատուի այն խայտանքին, որ կը բխի օգնելու արարքէն եւ օգնութեան արդիւնքը տեսնելէն. երանի ամէն մարդ կարենայ ապրիլ այդ խայտանքը», Պաղտասարեան յայտնած էր վերջերս կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին եւ շարունակած. «Ինծի համար, նոյնիսկ յարաբերաբար փոքրածաւալ ծրագիր մը, ինչպէս, օրինակի համար, դպրոցի մը դասարանները նոր գրասեղաններով օժտելը, անգնահատելի է, որովհետեւ ժպիտ կը բերէ երեխաներու դէմքերուն, կը զօրացնէ անոնց կապը իրենց վարժարանին հետ: Եթէ ամէն հայ թիկունք կանգնի Հայաստան հիմնադրամին՝ մեր հայրենաբնակ քոյրերուն ու եղբայրներուն կեանքերը բարելաւելու առաքելութեան, երեւակայեցէք՝ ի՛նչ հսկական յառաջդիմութիւն կ՛արձանագրուի»:
Քռասնիի մէջ, Պաղտասարեանի ակնարկած յառաջդիմութիւնը պիտի յատկանշուի քաղաքացիական եռանդուն, ստեղծագործ, եւ կենսուրախ գոյութեամբ մը, որ պիտի միջհիւսուի գիւղի նորակառոյց համայնքային կեդրոնին հետ: Շնորհիւ այս կեդրոնին, քաղաքապետարանային սպասարկութիւնները պիտի կատարուին աննախընթաց դիւրութեամբ ու արդիւնաւէտութեամբ. գիւղի երեխաներն ու երիտասարդները պիտի կարենան ընդլայնել իրենց հորիզոնները՝ կեդրոնի գրադարանին ու համակարգչային սրահին ընդմէջէն, մասնաւորաբար համացանցային կապի օգնութեամբ. հանդիսութիւններու դահլիճը պիտի գործածուի թատերական ու շարժապատկերային ներկայացումներու, ինչպէս նաեւ զանազան հաւաքոյթներու ու խրախճանքներու համար, եւ դարմանատունը բարձրորակ խնամք պիտի տրամադրէ բնակչութեան՝ ջերմ ու հանգստաւէտ սենեակներու մէջ:
Այս բոլորը մաս կը կազմեն այն գեղեցիկ տեսլականին, զոր Յակոբ Պաղտասարեան փայփայեց իր ամբողջ կեանքին ընթացքին: Ան մնաց միշտ համեստ, անխոնջ, եւ խորապէս ներշնչող պահապան հրեշտակ մը, որ հազարաւոր մղոն հեռուէն երազեց բարելաւել իր հայրենակիցներու կեանքերը, եւ տուաւ առատաձեռնօրէն՝ իր նպատակի իրականացման համար: