ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ինչո՞ւ այսքան մեծ տեղ կու տաք հայաստանեան լուրերու՝ կը հարցնէ ընթերցող մը: Նախ հարցումը ցնցող է. պէ՞տք է բացատրել կամ արդարացնել, թէ ինչո՛ւ մեր յայտարարած, ընդունած գերագոյն արժէք՝ հայրենիքի՛ լուրերուն լայն տեղ կու տանք թերթին մէջ: Յաղթահարելով ներքին անհանգստութիւնը՝ փորձենք բացատրե՛լ:
Մեր պատասխանը ընթերցողին. հայաստանեան լուրերուն պատճառով՝ տուեալ որեւէ օր համահայկական նշանակութեան որեւէ լուր դուրս չի ձգուիր թերթի էջերէն:
Հայաստանեան լուրերու առատութիւնը կը հետապնդէ հայրենի իրականութեան ճանաչման խորացումը, հայրենի մարդուն դժուարութիւններուն ծանօթացումը, պետականութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն հաղորդուիլը, տնտեսական ու ընկերային ընդհանուր պատկերը յստակացնող տուեալներու իմացումը…։
Դժգոհ ընթերցողը կը հարցնէ, թէ ինչո՞ւ, զոր օրինակ, պէտք է տեղ տանք Հայաստանէն արտածումներու մասին լուրին: Ինչպէ՞ս չտանք: Հայաստանի արտածումներուն աճը կամ նուազումը շատ բան կը թելադրէ երկրի տնտեսական հեռանկարին մասին. անիկա կրնայ գաղափար մը տալ աշխատանքի կարելիութեանց սահմանափակման կամ ընդլայնման մասին, եւ անշո՛ւշտ, այն, ինչ կապ ունի տնտեսութեան հետ՝ ուղղակի կամ անուղղակի կերպով կ՛ազդէ ժողովուրդի հոգեբանութեան, իր ապագան Հայաստանի մէջ տեսնելու քաղաքացիի գնահատումներուն վրայ:
Լուրը, անշուշտ, բաւարար չի կրնար ըլլալ: Վերլուծումն ալ կարեւոր է: Արտածումները կրնան աճ արձանագրել պարզապէս հանքարդիւնաբերութեան հաշուոյն, որուն օգուտը անպայման աշխատաւորին կամ լայն հասարակութեան համար զգալի չի դառնար, մանաւանդ երբ հանքատէրերը հազար ու մէկ ձեւերով նուազագոյն բաժին կը բերեն պետութեան գանձին կամ հասարակութեան բարօրութեան: Ուրեմն՝ կարեւոր կը դառնայ իմանալ, թէ ո՛ր ոլորտներուն զարգացումը կրնայ նպաստել երկրի տնտեսութեան եւ հասարակութեան բարօրութեան:
Գիտնալ, օրինակ, թէ տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտը ոչ թէ սովորական թափով, այլ ոստումներով կ՛աճի Հայաստանի մէջ, չի՛ կրնար չերջանկացնել մեր ընթերցողը, որովհետեւ այդ ճամբով երիտասարդ խաւի մը իրագործումն է որ կը փառաւորուի՝ նիւթական բարիքներով:
Տխուր եւ ուրախ լուրեր, սահմանէն ու դաշտերէն, գիւղերէն ու աւաններէն, մայրաքաղաք Երեւանէն ու Արցախէն… Առանց այդ լուրերուն՝ հայ մարդը անպայմանօրէն բան մը կը կորսնցնէ:
Ի պատիվ Ասպարեզի, ձեր տեղեկատվությունը հայաշունչ է և լավատեսական: Ցանկացած լուր, թեկուզ արտաքինից չեզոք, փոխանցում է «հեղինակի» վերաբերմունքը, նաև քողարկված կամ բացահայտ պատգամը: Այս իմաստով «Ասպարեզը» արտահայտում է հայի տեսակետները ի շահ հա՛յ ժողովրդի, ի տարբերություն հայրենիքում և սփյուռքում տարածվող մի քանի օտարահունչ լրատվամիջոցների: