Երեքշաբթի, 12 Դեկտեմբերին, Աթէնք ժամանեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան՝ ընդառաջելով իր յոյն պաշտօնակից Նիքոս Գոծիասի հրաւէրին:
Փոխադարձելով անցեալ Մարտին Գոծիասի Հայաստան այցելութեան, Էդուարդ Նալբանդեանի այցը շարունակութիւնն է արդէն իսկ երկու երկիրներուն միջեւ կայացող սերտ յարաբերութեանց եւ գործակցութեան ընդլայնման՝ զանազան կարեւոր բնագաւառներու մէջ: Օրեր առաջ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի Յունաստան այցելութենէն ետք, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին Յունաստան այցելութիւնը կարեւորութեամբ կ՛ընկալուի երկու բարեկամ եւ գործակից երկիրներուն կողմէ:
Իր այցելութեան առաջին օրը, Էդուարդ Նալբանդեան եւ իր պատուիրակութիւնը պաշտօնական հանդիպումներ ունեցան Նիքոս Գոծիասի եւ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնէութեան հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին քննուեցան զանազան հարցեր, որոնք առնչուած են երկու երկիրներու նախագահներուն կողմէ պայմանաւորուած համաձայնագիրներու գործառոյթին հետ, տնտեսական համագործակցութեան ընդլայնման հնարաւորութիւններու քննարկումներով, աշխատանքային խումբերու ստեղծումով, որոնք պիտի ուսումնասիրեն եւ իրականացնեն իրաւապայմանագիրներու գործադրութեան դաշտը: Նոյնպէս, քննուեցաւ հայկական եւ յունական սփիւռքներուն միջեւ գործակցութեան հնարաւորութիւններու դաշտը:
Նախարար Նալպանտեան յատուկ ելոյթ մը ունեցաւ հելլէն արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներու եւ դիւանագէտներու առջեւ:
Չորեքշաբթի, 13 Դեկտեմբերին, նախարարը ընդունուեցաւ Յունաստանի նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոբուլոսի կողմէ, նախագահական ապարանքին մէջ:
Բոլոր հանդիպումներուն, նախարարին ընկերակցեցաւ Յունաստանի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ֆատէյ Չարչօղլեան:
Իսկ Երեքշաբթի, 12 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Աթէնքի կեդրոնական հիւրանոցի դահլիճին մէջ, տեղի ունեցաւ Էդուարդ Նալբանդեանի հանդիպումը յունահայ գաղութի կրօնական, ազգային, քաղաքական եւ միութենական կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ:
Նախարարը իր ուրախութիւնը յայտնեց հանդիպման համար, ապա լայնօրէն անդրադարձաւ իր Յունաստան կատարած այցելութեան երեսներուն:
Մանրամասնօրէն կեդրոնանալով Արցախեան հիմնահարցին վրայ՝ ան ներկայացուց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութեանց զարգացումը, ատրպէյճանական կողմի յարուցած խոչընդոտները, ինչպէս նաեւ՝ երկու երկիրներու նախագահներուն խօսակցութեանց շրջագիծը եւ Հայաստանի դիրքորոշումը:
Ներկաներուն կողմէ եղած հարցումներու պատասխաններուն ճամբով, Նալբանդեան տեղեկացուց Հայաստանի արտաքին դիւանագիտութեան յառաջխաղացքին մասին տարածաշրջանէն ներս, ինչպէս նաեւ մանրամասնութիւններ տուաւ մեծ պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ կապերուն մասին: Յատուկ անդրադարձ եղաւ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ համաձայնագիրին ստորագրութեան, նաեւ՝ տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի վարած արտաքին քաղաքականութեան ծալքերուն: