ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Կառավարութեան Հինգշաբթի օրուան նիստի օրակարգին վրայ է պաշտպանութեան նախարարութեան առաջարկը, որ ուղղուած է բնակարանի կարիքը ունեցող զոհուած (մահացած) եւ առաջին, երկրորդ եւ երրորդ կարգի հաշմանդամ զինծառայողներու ընտանիքներու վիճակի բարելաւման:
Կը նախատեսուի սեփականութեան իրաւունքով անհատոյց բնակարանի կամ բնակարան ձեռք բերելու նպատակով բնակարաններու գնման վկայագիրներու յատկացման միջոցով անհատոյց դրամական աջակցութեան տրամադրում:
Հայաստանի պետական պիւտճէի հաշուոյն նախատեսուած մէկ ու կէս միլիառ դրամ յատկացնել Երեւան քաղաքին մէջ իրականացնելու 587 միլիոն դրամ արժէքով 51 բնակարաններու ձեռքբերում եւ 912 միլիոն դրամ արժէքով 172 ընտանիքներու անհատոյց պետական դրամական աջակցութեան գծով բնակարաններու գնման վկայագիրներու տրամադրում:
Հայաստանի կառավարութեան կողմէ հաստատուած ծրագիրով, հաշուարկման մէջ գտնուող զոհուած (մահացած) եւ առաջին, երկրորդ եւ երրորդ կարգի հաշմանդամ զինծառայողներու բնակարանի կարիք ունեցող 2000 ընտանիքներէն 2017ին անհատոյց պետական դրամական աջակցութիւն եւ բնակարան տրամադրուած է 223 ընտանիքներու: