ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայոց բանակի «Զինուորներու ապահովագրութեան հիմնադրամ»ի վերջին նիստին մասին եղած տեղեկատուութենէն կ՛իմանանք, որ Հոգաբարձուներու խորհուրդը քննարկած է «Հիմնադրամի դեսպաններ» ունենալու ծրագիր մը:
Այս ծրագիրին նպատակն է մեծաթիւ հայ համայնք ունեցող քաղաքներուն մէջ ունենալ «Հիմնադրամի դեսպաններ, որոնք պէտք է աշխատին Սփիւռքի կառոյցներուն հետ՝ առաւել մանրամասն ներկայացնելով Հիմնադրամին գործունէութիւնը»:
Վստահ ենք, որ մեծ թիւով սփիւռքահայեր սիրով կամաւոր դեսպաններ պիտի ուզեն ըլլալ, Հայոց Բանակին ծառայած ըլլալու գերագոյն գոհունակութիւնը ապրելու համար:
Պէտք է ըսել, որ «Զինուորներու ապահովագրութեան հիմնադրամ»ը իր գոյութեան կարճ ժամանակամիջոցին իր որդեգրած թափանցիկ գործելակերպով մեր վստահութիւնը շահած է արդէն: Այն իրողութիւնը, որ Հիմնադրամի նիւթական միջոցները եւ անոնց ամէնօրեայ յանձանձումը բաց ու մատչելի են հանրութեան, կը փարատէ ամէն կասկած, թէ զրկանքներու գնով գլխաւորաբար մեր հայրենի աշխատաւորին ամէնամսեայ եկամուտէն գոյացած գումարները կրնան չծառայել իրենց նպատակին ու կրնան փոշիանալ փտած համակարգի մը դարաններուն մէջ:
Նախ այս վստահելի գործելակերպը, ապա եւ ծրագիրին հետապնդած վեհ նպատակը բաւարար են, որ իւրաքանչիւր հայրենասէր սփիւռքահայ պատրաստակամ ըլլայ իր ներդրումը ունենալու Հիմնադրամի հզօրացման աշխատանքներուն:
Մեր բանակի զինուորներուն կորովը բարոյապէս ուժեղացնելու ամէնէն արդիւնաւէտ ազդակներէն է այն հոգատարութիւնը, զոր պետութիւնը եւ ազգը ցոյց կու տան պատերազմի ճակատին իրենց նահատակներուն ու հաշմուածներուն: Մենք, բոլո՛րս, պարտաւոր ենք կամաւոր կերպով մեր բաժինը բերելու այս սրբազան գործին: Մեզ պէտք է անհանգստացնէ, նոյնիսկ զայրացնէ՛, այն իրողութիւնը, որ ցարդ Սփիւռքը ընդհանրապէս, եւ ամերիկահայութիւնը՝ մասնաւորապէս, այս հիմնադրամին հանդէպ բացարձակ անտարբերութիւն ցուցաբերած են:
Ժամանակն է, որ այս վերաբերմունքը հիմնովին փոխուի: «Հիմնադրամի դեսպաններու» առաքելութիւնը այդ փոփոխութիւնը իրականութիւն դարձնել պիտի ըլլայ: Ո՞վ, ուրեմն, պիտի չուզէ արժանանալ այդ բարձր կոչումին։ Ո՞վ պիտի չուզէ մասնակից ըլլալ նահատակի ընտանիքին ցաւի ամոքման։ Ո՞վ պիտի չուզէ ձեռք երկարել հաշմուած զինուորին, որ ան արժանապատուօրէն ապրի իր կեանքը եւ պահէ իր ընտանիքը։
Ես իմ կողմէս առաջարկեցի որ հրատարակած գիրքէս՝ 2016-ի Քառօրեայ Պատերազմը եւ Մեր «Երեխայ» Հերոսները պատրաստ եմ 150 օրինակ նուիրել նահատակներու եւ ողջ մնացած տղոց ծնողքին որպհս անոնց մխիթարութիւն: Այս առաջարկը ըրի ՀՀ Լոս Անճելեսի Հիւպատոս Շաքարեանին, ՀՀ ՊՆ Վիգէն Սարգսեանին իր հոս այցելութեւն ընթացքին, եւ նաեւ ուրիշներու: Գիրքը գրավաճառներու մօտ 15 տոլար կ’արժէ: Պատասխանի կը սպասեմ:
Mr. Madenjian, why don’t you take it upon yourself, deliver copies of your book (about which you constantly toot) and hand them to the martyred soldiers’ families??