ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Դեկտեմբեր 10 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը, Հայ իրաւաբանական միութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ իր Հայկական իրաւանց դիտորդ յանձնախումբի համաատենապետ Կարօ Ղազարեան եւս անցած է Ատրպէյճանի կառավարութեան տխրահռչակ «սեւ ցանկ»ին վրայ։
Ինչպէս ցանկին վրայ գտնուող միւս գործիչները, քաղաքական պաշտօնատարներն ու արուեստագէտները, Կարօ Ղազարեանը եւս Պաքուի կողմէ կը դատապարտուի եւ անբաղձալի տարր կը նկատուի՝ պարզապէս Արցախ այցելելուն համար, ինչ որ Ատրպէյճանի կողմէ՝ դէպի «բռնագրաւուած տարածք» այցելութիւն կը նկատուի։
Կարօ Ղազարեանը իր «սեւ ցանկ»ին վրայ առնելու քայլը անհեթեթ գտնելով եւ նման ցանկ մը պահելու Պաքուի իշխանութեանց կեցուածքը դատապարտելով՝ Հայ իրաւաբանական միութիւնը նաեւ կը տեղեկացնէ, թէ իր յաջորդ տարեկան ժողովը պիտի գումարէ Մայիս 2018ին՝ Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ։