ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Պաշտօնական յայտարարութիւններու բուռն շրջան մը կ՛ապրի հայրենի ժողովուրդը. իշխանութեան ներկայացուցիչները ամէնէն բարձր՝ մինչեւ իսկ նախագահի մակարդակով, այնպիսի դիրքորոշումներ ու սկզբունքներ կը հրամցնեն հանրութեան, որ մարդիկ պէտք է անձկութեամբ սպասեն իրենց կեանքի նոր սկիզբի մեկնարկին:
Նոր սահմանադրութեան կենսագործման օրուան հետ, իշխանական նոր վարքագիծ կը խոստացուի ժողովուրդին. վերջ՝ կաշառակերութեան, վերջ՝ անարդարութեան, վերջ՝ անիրաւներ ու յանցագործներ պաշտպանելու միջնորդութիւններուն:
Այլեւս, ըստ յայտարարուածին, ընտրական հաշիւներով աչք պիտի չփակուի գիւղապետներու չարաշահութեանց: Նախագահին բառերով՝ այլեւս պիտի չհանդուրժել բնակչութեան փողերը տուն տանելու ամօթալի գործողութիւնները:
Նմանօրինակ սկզբունքներով ղեկավարուող Հայաստան մը շատ դիւրութեամբ կրնայ քանի մը տարիէն հասնիլ այն տնտեսական մակարդակին, որուն կը յաւակնի նախագահ Սարգսեան՝ մէկ շունչի համար տասը հազար տոլարի համախառն ներքին արտադրանք ապահովել: Մենք կը հաւատա՛նք անոր: Կը հաւատանք մեր ժողովուրդի նախաձեռնող ոգիին, աշխատասիրութեան, մտաւոր կարողականութեան, հայրենասիրութեան… Մեր ամբողջ պատմութիւնը կը հաստատէ այդ հաւատքը: Խոստումներուն հաւատալը, սակայն, կ՛ենթադրէ ուրի՛շ պայմաններ, որոնք գերմարդկային ճիգեր չեն պահանջեր, այլ միայն՝ անկեղծութիւն, սկզբունքայնութիւն եւ հետեւողականութիւն:
Եթէ նոր սկիզբ պիտի ըլլայ, եւ պէ՛տք է ըլլայ, ապա անոր մեկնարկը այսօր իսկ պէտք է շօշափելի ըլլայ գործով: Եթէ նոր սկիզբ պիտի ըլլայ, եւ պէ՛տք է ըլլայ, ապա ժողովուրդը պէտք է այսօր իսկ հաւատայ, թէ իր ղեկավարները իր «տարտ»երով ապրող մարդիկ են եւ ոչ թէ այդ «տարտ»երուն հանդէպ բացարձակապէս անհաղորդ, անզգայ Յակոբ Յակոբեանի կամ Խոսրով Յարութիւնեանի նման «ընտրեալներ»: Ի վերջոյ, խոստումները իրականացնողներու իշխող խումբին կարկարուն անդամներ են ասոնք. ինչպէ՞ս կարելի է այսօր անոնց վարքագիծը չդատապարտել կամ անոնց գնահատականը չտալ:
Բարգաւաճ Հայաստան մը, մեր տեսակէտով, կարելի է իրականացնել՝ ընկերային արդար, մարդկային համակարգի մը ստեղծումով, որուն գաղափարական կրողը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն է. անոր ուսերուն կը բարդանայ նոր սկիզբի հունաւորումը ընկերային պատասխանատուութեամբ, ժողովուրդին մէջ հաւատքը ամրապնդող վճռական սկզբունքայնութեամբ, խիզախութեամբ… յատկանիշներ, որոնք իր էութեան մաս կազմած են մի՛շտ:
Ձեռքդ ու գրիչդ թալար, Աբօ Ճան: