ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Համահայկական ուսանողական միութիւնը Դեկտեմբեր 8ին տարածուած հաղորդագրութեամբ մը դատապարտած է ՄԱԿի մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Սըմենթա Փաուըրը «Օրորա» մրցանակի դատակազմի անդամ դարձնելու որոշումը՝ յիշեցնելով, որ այս ծանօթ ցեղասպանագէտը իր պաշտօնավարութեան օրերուն չէր կրցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին նախագահ Պարաք Օպամայի տուած խոստումին իրականացումը ապահովել:
Ուսանողները կը շեշտեն, թէ վիրաւորական է Ցեղասպանութեան յարիր ճանաչում ապահովելու գործին մէջ ձախողած անձնաւորութիւն մը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին հաստատուած մրցանակի մը դատակազմի անդամ նշանակելը, կոչ ընելով մրցանակի պատասխանատուներուն, որ անյապա՛ղ վերատեսութեան ենթարկեն իրենց խնդրայարոյց որոշումը։
Շնորհաւորելի և մեծապէս ողջունելի է Համահայկական ուսանողական միութիւնը, որ նման նախաձեռնութիւն մը առած է: