ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ամերիկայի Ձայն».- Քոնկրեսական Կաս Պիլիրաքիս անգամ մը եւս ընդգծեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման կարեւորութիւնը՝ Քոնկրեսի մակարդակով:
«Հակառակ Թուրքիոյ ուրացման փորձերուն, ցարդ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը ճանչնան Միացեալ Նահանգներու 50 նահանգներէն 48ն եւ մեծ թիւով եւրոպական երկիրներ», ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչցած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ռանըլտ Ռեկընը՝ 1981ին, եւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը՝ 1975ին, 1984ին եւ 1996ին։
Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին ակնարկելով՝ Պիլիրաքիս ըսած է. «Կը կարծեմ, որ բանաձեւը կրնա՛յ վաւերացուիլ: Մենք անիկա կը քննարկենք մեր ղեկավարներուն հետ: Անիկա նախ պէտք է վաւերացուի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ, որմէ ետք մենք Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը Ներկայացուցիչներու տան օրակարգ կը մտցնենք»: