Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի որոշումով, ազգային բարերար Ալեքքօ Պէզիքեան պարգեւատրուեցաւ 2րդ աստիճանի շքանշանով, հայրենիքին մատուցած իր ծառայութիւններուն համար:
Շքանշանը Ալեքքօ Պէզիքեանին յանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան 29 Նոյեմբերին, Ժընեւի մէջ կայացած Զուիցերիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ընթացքին: