«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովին Արամ Ա. կաթողիկոս դիմեց պատգամով մը, որմէ կը մէջբերենք որոշ բաժիններ.
Այսօր մեր կեանքի պայմանները հիմնովին փոխուած են: Սփիւռքը ծաւալած է ու կերպարանափոխուած: Գաղութներու տեղաշարժը յառաջացուցած է քանակի ու որակի վերիվայրումներ ու ներքին դրուածքներու փոփոխութիւններ: Համաշխարհայնացումը իր հզօր մշակոյթով սկսած է իր տիրապետութիւնը հաստատելու հայ կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ: Անտարբերութեան, յոգնածութեան ու անորոշութեան նշանները սկսած են բազմանալու մեր գաղութներուն մէջ: Հայաստան-Սփիւռք 6րդ համաժողովին ուղղած Մեր պատգամին մէջ ըսինք՝ «Հայաստանը կը պարպուի եւ Սփիւռքը կը մաշի»: Իրականութիւնը ծածկելը կամ անտեսելը, կը նշանակէ՝ տագնապները աւելի խորացնել: Մաշումի ու գունաթափումի վտանգին ենթակայ Սփիւռքէն ներս, իմաստութիւնը ու քաջութիւնը պէտք է ունենանք մեզ շրջապատող մարտահրաւէրները դիմագրաւելու՝ մեր հաւաքական կեանքը վերանորոգելու ու վերակազմակերպելու նպատակասլաց յանձնառութեամբ: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է ըլլալ զգօն եւ համապատասխան մօտեցումներ ճշդել այնպիսի մտածելակերպերու, գործելակերպերու ու կենցաղակերպերու նկատմամբ, որոնք կրնան մեր ինքնութեան արմատները կրծել ու մեր արժէքները խաթարել: Միաժամանակ, անհրաժեշտ է ըլլալ իրատես ու հեռատես, հինը նորով ընդելուզելու ու հարստացնելու, աւանդականը՝ արդիականով, անցեալը՝ ներկայով եւ տեղականը՝ համահայկականով, որպէսզի մեր նոր սերունդները կապենք մեր կեանքին ու կարենանք քայլ պահել ներկայ աշխարհի զարգացումներուն հետ:
Մեր ունեցած փորձառութեան լոյսին տակ եւ մօտէն ճանչնալով Սփիւռքի ու մասնաւորաբար մեր թեմերուն իւրայատուկ պայմանները, անոնց դիմագրաւած մտահոգութիւնները եւ սպասումները՝ մեր եկեղեցիէն, մեր հայեցողութեամբ հետեւեալ մարզերը հարկ է, որ դառնան կիզակէտը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան յառաջիկայ շրջանի առաքելութեան ու ծառայութեան.
1) Մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու կենսագործման հրամայականը մեր Ս. Աթոռին համար մնայուն մտահոգութիւն է: Այս ուղղութեամբ բնականաբար աշխատանք կը կատարուի թէ՛ կաթողիկոսարանին կողմէ, եւ թէ թեմերէն ներս: Սակայն, մեր աշխատանքը պէտք է կրկնապատկուի: Ականատես ու ականջալուր կ՛ըլլանք մէկ կողմէ՝ տարբեր պիտակներու ետին ապաքրիստոնէական ու ապազգային հոսանքներու թափանցման հայ կեանքին մէջ, եւ միւս կողմէ՝ մեր զաւակներուն մօտ հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու նկատմամբ տակաւ աճող ծարաւին:
Այս հակադիր երեւոյթներուն դիմաց չենք կրնար ծիսակատարութեան նեղ սահմաններուն մէջ ու սովորական դարձած Ս. Գրոց սերտողութիւններով միայն մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր կոչումը իրագործել: Հայ եկեղեցւոյ ու Աստուածաշունչին մասին տեղեկութիւններ փոխանցելէ անդին, հոգեւոր ու բարոյական արժէքներով հարկ է մեր ժողովուրդի կեանքը շաղախել ու վերանորոգել՝ հոգեմտաւոր լուրջ պատրաստութիւն ունեցող մարդուժի կողքին, ճիշդ կերպով օգտագործելով ներկայ աշխարհի տեղեկատուական ու արհեստագիտական միջոցները:
2) Կրօնական դաստիարակութեան առընթեր, նա՛եւ ծառայութիւնը կը կազմէ եկեղեցւոյ առաքելութեան հէնքն ու նպատակը: Պատմութեան ընթացքին ընկերութեան կեանքին մէջ եկեղեցին դարձաւ լուսանցքային ներկայութիւն, երբ վերածուեցաւ ինքնակեդրոն հաստատութեան: Միւս կողմէ՝ եկեղեցին դարձաւ ազդու հեղինակութիւն, երբ իր կոչումին հաւատարմութեամբ ինքզինք իրագործեց որպէս ծառայութիւն: Դիտեցէք ձեր շուրջը: Կաթոլիկ եկեղեցին, որուն եկեղեցաբանական ինքնահասկացողութիւնը շեշտակիօրէն հաստատութենական է, այսօր հսկայ ճիգ կը թափէ‘ եկեղեցին ծառայութեան ճամբով ժողովուրդի՛ն տանելու…
Արդ, եկեղեցին գոց տուփի պէտք չէ վերածենք՝ զայն գրասենեակային, վարչական ու ժողովական աշխատանքներու մէջ պարփակելով: Միջոցը չշփոթենք նպատակին հետ: Եկեղեցին պէտք է բացուի ու երթայ ժողովուրդին: Բազմազան կարիքներով ու մտահոգութիւններով լեցուն մեր ժողովուրդի ներկայ կեանքին դիմաց մեր եկեղեցին պէտք է ո՛չ հրահանգողի դիրքին, եւ ոչ ալ դիտողի վիճակին մէջ ըլլայ, այլ՝ ծառայո՛ղի դերին մէջ: Չքաւորին ու կարիքաւորին ծառայելով է, որ եկեղեցին ճշմարտօրէն ինքզինք կ՛ըլլայ ու իր հեղինակութիւնը կը կերտէ՝ Քրիստոսի օրինակին ու պատգամին հետեւելով…
3) Երիտասարդութեան մասին եւս յաճախ անդրադարձած ենք ու ընդգծած անոր կենսական դերը մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի կեանքին մէջ: Հարկ է երիտասարդութիւնը դիտողի ու հետեւողի կրաւորական վիճակէն դուրս բերել. ան ընելիք ու ըսելիք ունի: Ա՛յս վստահութիւնը հարկ է փոխանցել մեր երիտասարդութեան: Երիտասարդութիւնը, իր կարգին, ա՛յս հայեցակէտով պէտք է իր տեղը ճշդէ ու դերը ստանձնէ մեր կեանքին մէջ:
Դա՛րձեալ դիտեցէք ձեր շուրջը: Մեր երիտասարդութեան ու մեր կառոյցներուն եւ ընդհանրապէս մեր համայնքային կեանքին միջեւ սկսած է խրամատներ գոյանալ: Մեր երիտասարդութիւնը սկսած է դառնալ անտարբեր մեր կեանքը յուզող խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն նկատմամբ: Լօզունգներ արձակելով ու քննադատական կամ յուսահատական արտայայտութիւններ ունենալով ներկայ մտահոգիչ կացութիւնը չենք կրնար բարելաւել, այլ աւելի կը հեռացնենք մեր երիտասարդները մեր շրջապատէն: Պէտք է խօսինք մեր երիտասարդներուն հետ, լսենք անոնց մտահոգութիւնները ու սպասումները, եւ մեր կեանքին դռները լայն բանանք անոնց առջեւ՝ ոչ «մենք»ի եւ «դուք»ի մօտեցումով, այլ հաւաքական «մենք»ի մէջ կարեւոր պատասխանատուութիւն տալով անոնց: Արդարեւ, երիտասարդ մարդուժն է, որ մեր կեանքին կենսունակութիւն, վերանորոգում ու յառաջդիմութիւն պիտի ապահովէ: Առանց երիտասարդութեան գործօն ներկայութեան մեր կեանքը պիտի խամրի ու լճանայ եւ երիտասարդութիւնը՝ օտար դպրոցներու, խառն ամուսնութիւններու ու օտար շրջանակներու ազդեցութեան տակ, պիտի հեռանայ մեր կեանքէն: Արդ, անհրաժեշտ է դիմել, եւ կարելի՛ փութով, ազդու միջոցներու՝ մեր համայնքներուն մէջ գործող կառոյցներուն հետ գործակցաբար:
4) Մեր Ս. Աթոռի առաքելութեան կարեւոր մարզերէն մէկը եղած է մեր ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը: Մեր հայրապետները միայն Ապրիլ 24է Ապրիլ 24 իրենց պատգամներով չեն յիշեցուցած մեր ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքներու հետապնդման հրամայականը, այլ իրենց յանձնառու աշխատանքով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը դարձուցած են յառաջապահ ու քաջ զինուորը մեր ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարին:
Համազգային մաշտապով նշեցինք Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը: Մեր պատգամներուն մէջ յաճախակի կերպով շեշտեցինք, որ ժամանակը հասած է, որ հանգրուանային կերպով ընթանանք ճանաչումէն դէպի իրաւական մարզ, բնականաբար առանց անտեսելու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը: Այս շրջագիծին մէջ պատմական նշանակութիւն ունէր Սիսի դարաւոր կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջով մեր բացած դատը Թուրքիոյ դէմ: Արդարեւ, Սիսի կաթողիկոսարանին դատը իրաւական իմաստով առաջին ու վճռական քայլ մըն էր, որ իր դրական արձագանգը գտաւ հայ թէ օտար շրջանակներուն մէջ: Շուրջ չորս տարիներու հետեւողական ու տքնաջան աշխատանքէ յետոյ, այսօր մեր դատը իրաւա-քաղաքական պատճառներով դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ թրքական եւ եւրոպական դատարաններուն մէջ: Հակառակ այս կացութեան, մեր Ս. Աթոռը պէտք է շարունակէ իրաւական գործընթացը‘ միաժամանակ մեր պահանջատիրական աշխատանքներուն բերելով իր կարեւոր ներդրումը:
5) Վերջապէս, սփիւռքի կազմակերպչական հզօրացումը կը նկատենք կենսական: Հայօրէն մաշող Սփիւռքը հրամայական կարիքը ունի նոր արեան ու նոր շունչի…
Մեր թեմերը վերակազմակերպումի ու վերանորոգումի առաջնորդող գործընթացը պէտք է ըլլայ ծրագրուած ու համապարփակ եւ ներառէ մեր կեանքի հոգեւոր, վարչական, կազմակերպչական, մարդուժի ու յարաբերական բոլոր տարածքները:
Կը գտնուինք անորոշութիւններով ու մարտահրաւէրներով լեցուն մեր ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան մէկ վճռական հանգրուանին: Մեր կեանքը շարունակել այնպէս ինչպէս որ է՝ առանց վերանորոգուելու ու վերանորոգելու մեր հաւաքական կեանքը, պիտի մնանք փակ օղակներու մէջ ու պիտի նահանջենք, ամէ՛ն իմաստով: Կը մերժենք յոռետես թէ բացասական, կրաւորական թէ անտարբեր որեւէ մօտեցում ու համակերպում: Մենք կոչուած ենք միա՛սնաբար նոր մղում տալու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հաւատքի առաքելութեան ու ազգային ծառայութեան՝ առաջնահերթ կարեւորութիւն տալով մեր եկեղեցւոյ առաւել պայծառութեան ու ներքին միութեան ամրապնդման, եղբայրական սերտ գործակցութեամբ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան հետ: Մենք կոչուած ենք նաեւ աւելի գործօն մասնակցութիւն բերելու Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման ու Արցախի անկախութեան ամրապնդման նպաստող բոլոր նախաձեռնութիւններուն ու աշխատանքներուն…
Լսող կա՞յ, Վեհափառ: