Անցեալ շաբաթ օր, «Ասպարէզ» տեղ տուաւ IDeA հիմնադրամին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան, ուր կը յայտարարուէր Սըմենթա Փաուըրի «Օրորա» մրցանակի դատակազմին միանալու մասին:
Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրողներուն հանդէպ մարդասիրական մօտեցում ցուցաբերողներուն երախտագիտութիւն յայտնելու ընդհանուր գաղափարով ճամբայ ելած «Օրորա»ն, ամէն տարի կը պատուէ մեծ մարդասէր մը եւ անոր բարեսիրական հիմնադրամին կը տրամադրէ մէկ միլիոն տոլար՝ իր գործունէութիւնը աւելի արդիւնաւէտօրէն յառաջ տանելու համար: Մեր ժողովուրդին կողմէ երախտագիտական արտայայտութիւն խորհրդանշող այս ձեռնարկը իրապէս ողջունելի է եւ արժանի ամէն տեսակ գուրգուրանքի ու քաջալերանքի:
Բարոյական բարձր սկզբունքով ճամբայ ելած «Օրորա»ն պարտի բծախնդրօրէն վերաբերիլ իր դատակազմի անդամներու ընտրութեան ընթացքին հետ: Այս սկզբունքը խախտուած է Սըմենթա Փաուըրի պարագային, որովհետեւ այս անձնաւորութիւնը, որ անցեալին մեծ յոյսեր ներշնչած էր հայութեան՝ ցեղասպանութեանց դէմ իբրեւ պայքարող, երբ Օպամայի նախագահութեան օրօք դարձաւ ՄԱԿի մօտ Ամերիկայի դեսպան, Հայոց Ցեղասպանութեան հանդէպ ցուցաբերեց դասալիքի մօտեցում՝ խուսափելով իր նեցուկը տրամադրելէ՝ ամերիկեան պաշտօնական դիրքորոշումը յօգուտ ցեղասպանութեան ճանաչման փոխելու ճիգերուն: Ընդհակառակը, իր լռութեամբ ան մեղսակից դարձաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրացողներուն ու հերքողներուն:
Մեր ընթերցողներէն շատերը ընդվզած են այս լուրը կարդալով: Ահա՛ վկայութիւն մը այդ ընդվզումներէն. մեր ընթերցողներէն Սարգիս Տաղտեվիրեան կը գրէ. «Սըմենթա Փաուըր այն անձերէն է, որ կը «հաւատայ», բայց անկարող է իր սկզբունքները որոշումի վերածել տալու իր գործակիցներուն կողմէ: Ան 8 տարի շարունակ Պ. Օպամայի բարձրագոյն վարչակազմին մաս կազմելով, հակառակ իր պաշտօնավարութեան աւարտի օրերուն (2016) յիշելուն Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ այլ մարդկային զանգուածային աղէտներու շարքին, եւ հակառակ ներկայ գտնուելուն Նիւ Եորքի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած հայկական եկեղեցւոյ մէջ պատարագին ու անոր յաջորդող ոգեկոչման հաւաքին, իրեն նման նախապէս հաւատացողներ Պ. Օպամայի ու Հ. Քլինթընի հետ ձախողեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը պետականօրէն վաւերականացնել եւ հաստատել: Զինք «հիփոքրիթ» չեմ ուզեր կոչել, բայց կը ցաւիմ «Օրորա»ի որոշումին համար»:
Մե՛նք ալ…
Տեղեկութիւնը կարդալով, շիտակը ես ալ զարմացայ:
Այո ես էլ համաձ եմ: Նա արժանի չէ այդ պաշտոնին ու պատվին:
Այո ես էլ համաձայն եմ: Նա արժանի չէ այդ պաշտոնին ու պատվին:
Absolutely and wholeheartedly agree with this editorial. Aurora has shot itself in the foot with this decision. Shame.