ՊԵՐԼԻՆ.- «Օրորա» մրցանակի դափնեկիրը որոշող յանձնախումբին անդամները Դեկտեմբեր 4ին հանդիպում մը ունեցած են Պերլինի մէջ, քննելու համար 2018ի մրցանակի թեկնածուներուն ցանկը։
Այս տարի, 115 երկիրներէ աւելի քան 750 առաջարկներ ներկայացուած են՝ 509 թեկնածուներ առաջադրելու համար այս մրցանակին։
Նշեալ հանդիպման ընթացքին մրցանակի համահիմնադիրները նաեւ վերջին միջոցառումներուն եւ ապագայ նախաձեռնութիւններուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցած են յանձնախումբի անդամներուն։
Մրցանակի աւարտական հանգրուանին հասնող թեկնածուներուն անունները պիտի բացայայտուին Ապրիլ 24, 2018ին, իսկ «Օրորա» մրցանակի երրորդ դափնեկիրը յայտնի պիտի դառնայ Յունիս 10ին, Հայաստանի մէջ կայանալիք արարողութեան մը ընթացքին։