ԵՐԵՒԱՆ, «Ռազմինֆօ».- Դեկտեմբեր 1ին, Ատրպէյճանի խորհրդարանը առաջին ընթերցումով վաւերացուց 2018ի ամավարկի նախագիծը, ըստ որուն՝ ռազմական ոլորտին վերաբերող ծախսերուն մէջ նախկին նախագիծին առաջարկները փոփոխութիւն չեն կրած: Արդարեւ, ռազմական ծախսերը կը նախատեսուի 3.66 տոկոսով աւելցնել՝ 2017ի համեմատ։ Նախագիծին համաձայն՝ ռազմական ոլորտին կը նախատեսուի յատկացնել մօտաւորապէս 1.6 միլիառ տոլար։ Ամավարկը պէտք է վաւերացուի խորհրդարանին կողմէ երկրորդ եւ վերջանական ընթերցումով, որմէ ետք կը ղրկուի նախագահին՝ վաւերացուելու համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.