ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Գոհաբանութեան տօ՛նն է վաղը, առիթ մը, երբ Ամերիկայի տարածքին իւրաքանչիւր ընտանիք իսկական ճիգ կը թափէ հաւաքուելու եւ միասին սեղան նստելու:
Անշուշտ բոլորին համար հնարաւոր չէ այս հաճոյքը: Մեր միջավայրը մեզ կը «շնորհէ» քայքայուած ընտանիքներու նկատառելի թիւ մը, անտուն ու անօթեւան հետզհետէ բազմացող թշուառներ, կեանքէն շատ քիչ գոհ ըլլալու պայմաններով քաշկռտուողներ:
Գոհաբանութեան օրուան մեր մաղթանքն է՝ արժանապատիւ կեանքի պայմանները թող չզլացուին ոեւէ՛ մէկուն, որեւէ՛ ընտանիքի: Թող աշխարհի բարիքները հասանելի ըլլան բոլորին, անխտի՛ր: Գիտենք, որ նման իրականութիւն մը անհասանելի երազ է, բայց եւ այնպէս, երանելիներու շարքին գտնուողներու պարտքն ու բարոյական պարտաւորութիւնն է ձեռք մեկնել կարիքաւորին, բայց ոչ միայն բարեգործութեամբ, այլեւ քաղաքացիական աշխատանքով, գործով, պետական-քաղաքական համակարգի ուղղուածութեան փոփոխութիւններ առաջարկելով եւ պայքարելով անոնց կենսագործման ի խնդիր:
Ամերիկահայութեան պարագային, այս տօնական առիթը ճիշդ կարգադրութեամբ դարձած է մեր հայրենիքի խնդիրներուն ծանօթանալու եւ անոնց լուծման ի խնդիր մեր լուման նուիրաբերելուհ առիթ: Առիթ մը, երբ կը ներկայացուի մեզի Արցախի համար առաջնահերթ օրակարգ եւ հրաշալի պատեհութիւնը՝ այդ օրակարգին բարւոք լուծումին մեր մասնակցութիւնը բերելու: Լօզունգային կրնայ հնչել, բայց հաւատացած ենք, որ Արցախի մէջ դժուարութեան մը լուծու-մին մասնակցութիւն բերելը հոգեկան անչա՛փ գոհունակութիւն կրնայ պարգեւել իւրաքանչիւրիս:
Ուրեմն՝ թող բարին հասնի բոլորի՛ն, աշխարհին, նաեւ Արցախին ու Հայաստանին՝ համայն հայութեան: