ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
Այս տարի կը լրանայ Իրաքի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ թեմի բազմավաստակ առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեանի քահանայագործութեան 40ամեակը:
Օգտուելով սրբազանին քաղաքս գտնուելու առիթէն, սրտանց կը շնորհաւորենք Իրաքի թեմի առաջնորդը, մաղթելով բարձրաստիճան հոգեւորականէն քաջառողջ, արեւշատ եւ երջանիկ օրեր:
Հայ ժողովուրդի պատմութեան ընթացքին, մեր ճակատագրական եւ օրհասական ամէնէն դժուար օրերուն եւ դէպքերուն ատեն, Աստուածային վերին տնօրինումով, կարգադրութեամբ ու կամքով, Աստուած մեզի տուած է հոգեւոր կամ աշխարհիկ լուսամիտ, անձնազոհ եւ առաքելատիպ ղեկավարներ: Անոնք մեր ժողովուրդին համար պահապան հրեշտակներ եղան:
Անոնք մեր ժողովուրդին համար վերապրումի եւ փրկութեան լաստեր եղան: Այս պատճառով է, որ մեր ժողովուրդը կրցած է չորս հազար տարիներ շարունակ պահել իր ինքնութիւնը, մշակոյթը պատմութեան ամէնէն դժուար կամ խաղաղ օրերուն, շնորհիւ Աստուածապարգեւ այս ղեկավարներու եւ առաջնորդներու գերիմաստութեան:
Հայաստանեայց առաքելական Մայր եկեղեցւոյ մեր օրերու մեծավաստակ կղերականներէն մին է Իրաքի հնամեայ թեմի թանկագին առաջնորդ դոկտ. Աւագ արք. Ասատուրեան:
Արդարեւ, մեր սիրելի Աւագ արք. Ասատուրեան Իրաքի թեմին մատուցած մեծագործութիւններով եւ Իրաքի բոլոր քրիստոնէական համայնքներուն ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնով եւ հանգամանքով կատարած աշխատանքներով, կրցած է իր կենդանութեան օրերուն իսկ, ապահովել իր անմահութիւնը եւ յաւերժականութիւնը ու այս բոլորը Աստուծոյ եւ մեր ժողովուրդի փառքին համար:
Շուրջ քառասուն տարիներէ իվեր մօտէն ծանօթ ենք Աստուծոյ այս նուիրեալին: Ծանօթ ենք անոր նկարագիրի գիծերուն, ծառայութեան, վաստակին, աշխատասիրութեան, բայց ասկէ վեր եւ աւելի՝ իր Աստուածասիրութեան եւ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ հանդէպ ունեցած սիրոյն եւ հաւատարմութեան:
Աւագ արք. Ասատուրեան եղաւ այն կղերականը, որ Իրաքի հայ գաղութին եւ հայ եկեղեցւոյ համար, վերջին 40 տարիներու փրկութեան, մխիթարութեան եւ հոգիի անդորրութեան աղբիւր եղաւ մեր գաղութի զաւակներուն, միաժամանակ սրբազանը, հակառակ տիրող պատերազմական եւ ահռելի վիճակին՝ այդ պայմաններուն իսկ եկեղեցաշէն եւ ժողովուրդի հոգեւոր կեանքի փրկութեան եւ հարստութեան բազում լուսաշող գործերով շէնցուց այդ երկրին մէջ ապրող հայերուն եկեղեցական, հոգեւոր եւ գաղութային կեանքը:
Աւագ սրբազան՝ աւազանի անունով Վազգէն, փոքր տարիքէն Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ ծառայած է որպէս դպիր եւ կիսասարկաւագ: Ան աւարտած է քաղաքային ճարտարապետութեան բաժինը Ամերիկեան համալսարանէն: Հետեւած է փիլիսոփայութեան դասընթացքներուն եւ Իլինոյի համալսարանէն ստացած է մագիստրոս վկայականը: Եղած է ուսուցիչ եւ դասախօս Ամերիկեան քոլեճին մէջ: Այս բոլորէն ետք, Աստուած ուրիշ առաքելութիւն մը սահմանած էր Վազգէնին. անոր ուրիշ՝ աւելի կարեւոր պաշտօն մը վստահիլ ուզած էր, որն է՝ ծառայել իր եկեղեցւոյ եւ իրաքահայ գաղութին:
Այդպէս ալ եղաւ: Չափահաս տարիքէն այս ճարտարագէտ ուսուցիչը, Աստուծոյ առաջնորդութեամբ սարկաւագ կը ձեռնադրուի, անկէ ետք վարդապետ, եպիսկոպոս եւ արքեպիսկոպոս կը ձեռնադրուի, իր ժամանակին ամէնէն երիտասարդ արքեպիսկոպոսը հանդիսանալով: Անշուշտ, անկէ ետք ալ իր ուսումը շարունակելով դոկտորական վկայականին կ՛արժանանայ:
Իրաքահայ գաղութի 350 տարուան պատմութեան ընթացքին, առաջին անգամ ըլլալով, Իրաք ծնած եւ մեծցած հայ մը՝ որպէս կուսակրօն կղերական Առաջնորդ կ՛ունենանք, յանձին Աւագ արք. Ասատուրեանի:
Ինչպէս յիշեցինք, Աւագ արքեպիսկոպոս Իրաքի թեմէն ներս եղած բոլոր տարիներուն, երկիրը պատերազմներու, խլրտումներու, յեղաշրջումներու մէջ էր: Եւ այդ բոլոր անապահով եւ աննկարագրելիօրէն սարսափելի եւ վախազդու օրերուն, Աւագ սրբազան պաշտօնավարութեան առաջին օրէն իսկ գործեց անվախօրէն, վճռակամութեամբ եւ մեծագոյն նուիրումով: Եղաւ մեր ժողովուրդին հետ, անոր մխիթարողը, ցաւերուն բալասան եղաւ, տառապողներուն յոյս ու հաւատք ներշնչելով: Այս բոլորին կողքին, սրբազան հայրը կազմակերպեց կազմալուծուած ծուխերը եւ եկեղեցիները, որոնց մեծ մասը մնայուն հովիւ չունէր: Իսկ եկեղեցիները անփառունակ վիճակ ունէին: Կազմակերպեց քահանայից քառամեայ դասընթացք մը. այս դասընթացքէն 16 համալսարանական երիտասարդներ չորս տարի քահանայական այս դասընթացքը աւարտելէ ետք, որպէս քահանաներ Իրաքի մէջ կը ծառայեն: Ասոնցմէ բացի, ուրիշ խումբ մըն ալ Ս. Էջմիածին ղրկելով կուսակրօն կղերականներ ձեռնադրուած են եւ անոնք այսօր որպէս առաջնորդներ կը ծառայեն Ֆրանսայի, Ռումանիոյ, Հռոմի եւ եւրոպական այլ թեմերէ ներս:
Աւագ սրբազան կազմակերպեց թեմի վարչական աշխատանքները, եկեղեցապատկան հասութաբեր կալուածներու վիճակը, նոր շէնքեր կառուցելով, որոնց եկամուտներով նորոգուեցան գոյութիւն ունեցող եկեղեցիներ, ինչպէս նաեւ նոր եկեղեցիներու կառուցման ընդարձակ գործ կատարուեցաւ:
Սրբազանին մեծագոյն գործը եղաւ Իրաքի իշխանութենէն մեծ հողատարածք մը առնելը եւ հայերուն գերեզմանատունը հոն փոխադրել տալը: Ժամանակին մեծաբերան պոռոտախօսներ քննադատեցին ազգային իշխանութիւնը եւ սրբազանը այս քայլին համար: Հիմա բոլորը մեծագոյն գնահատանքով կը գովաբանեն այդ գործը:
Աւագ սրբազանի օրերուն է որ հիմնովին վերանորոգուեցաւ եւ ընդարձակուեցաւ Իրաքի թեմի ծերանոցը, որ մեր անտէր եւ որբ ծերունիներուն հոյակապ ապաստարանը կը հանդիսանայ:
Աւագ սրբազանի իմաստուն կարգադրութեամբ, Իրաքի մէջ գործող հայկական ակումբներուն համար ազգային հողամասեր տրամադրուեցան՝ կառուցելու համար մեր հայկական ակումբները, որպէսզի մեր համայնքի զաւակները հայաբոյր այդ ակումբներուն մէջ հայօրէն ապրելու եւ հայ մշակոյթը պահելու ու ծաղկեցնելու առիթը ունենան:
Եկեղեցւոյ պաշտօնաթերթին եւ կիրակնօրեայ դասընթացքներուն կարգին, Աւագ սրբազանին կապերուն եւ իշխանութեանց մօտ վայելած մեծ հեղինակութեան շնորհիւ, կարելի եղաւ վերատիրանալ մեր Թարգմանչաց Ազգային վարժարանին, որ շրջան մը պետութեան կողմէ կը ղեկավարուէր:
Արդարեւ, Հայց. առաքելական եկեղեցին, գլխաւորութեամբ Աւագ արք. Ասատուրեանի՝ եղաւ իրաքահայ բոլոր միութիւնները, յարանուանութիւնները միացնող շաղախը, ուր միասնականութիւն եւ բոլոր հաստատութիւններուն եւ միութիւններուն միջեւ սերտ ու սիրալիր յարաբերութիւններ կը տիրեն այդ երկրին մէջ:
Իրաքահայ գաղութի այս դժոխային ամէնէն դժուար օրերուն, Աւագ արք. Ասատուրեանի գլխաւորութեամբ, իր այլատեսակ, բազմաթիւ եւ բազմատեսակ օժանդակութիւնները հասցուց մեր յաւիտենական հայրենիքին երկրաշարժի օրերուն, անկախութեան առաջին տարիներու դժուարութեանց օրերուն ու մեր լուսոյ խորան Ս. Էջմիածնին: Անոր համար է, որ Աւագ արք. Ասատուրեան արժանացաւ հայրենի պետութեան մեծագոյն շքանշաններուն:
Նմանապէս, մեր սիրելի Աւագ սրբազանը իր պաշտօններուն եւ Իրաքի քրիստոնեաներու ղեկավարի հանգամանքով, եօթը անգամ տեսնուած է կաթոլիկ պապին հետ, Անգլիոյ Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոսին հետ, եւ բազմաթիւ այլ հոգեւոր պետերու հետ, արաբական երկիրներու իսլամ ղեկավարներու, թագաւորներու, նախագահներու եւ իշխանաւորներու հետ եւ ուր որ եղած է, որոնց հետ որ տեսնուած է սրբազանը անպայման անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Ան իր Աստուածային իմաստութեան հետ, իր թիկնեղ եւ պարթեւ կազմով, միշտ ալ խոր տպաւորութիւն թողած է զինք ունկնդրողներուն վրայ, որոնք հիացած են անոր շնորհքին եւ վարքին վրայ:
Աւագ սրբազան, հակառակ իր արտակարգ զբաղուածութեան եւ բազում պարտականութիւններուն, սերտ ու մշտատեւ կապի մէջ էր իր հանգուցեալ մօր՝ տիրամայրին, Ամերիկա հաստատուած եղբօր, անոր զաւակներուն եւ բոլոր հարազատներուն եւ բարեկամներուն հետ, միշտ անոնց ուրախ եւ տխուր առիթներուն անոնց հասած է իր աղօթքներով, մխիթարական կամ շնորհաւորական խօսքերով:
Լոս Անճելըսի հայութիւնը միշտ ալ անձկութեամբ եւ մեծագոյն կարօտով կը սպասէ սեբազանին՝ իր մէջ տեսնելով մեր գաղութի պատկերը, մեր պատուական գաղութի պատուաբեր եւ փայլուն երեսը: Ճիշդ ասոր համար է, որ երբ Աւագ արք. Ասատուրեան Լոս Անճելըս ժամանէ, Լոս Անճելըսի նախկին իրաքահայերը տօնական անխառն ուրախութեամբ կը դիմաւորեն զինք եւ կը փութան եկեղեցի իր մատուցած Ս. պատարագին ներկայ ըլլալու եւ անոր սրտաշարժ քարոզներով լեցուելու:
Այս տարի, 2017ին, իրաքահայ գաղութի բոլոր միաւորները, գլխաւորութեամբ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ՝ արժանավայել ձեռնարկով մը նշեցին սրբազանին քահանայագործութեան 40ամեակը:
Մենք ալ, Լոս Անճելըսի այս հեռաւոր ափերէն սրտանց կը շնորհաւորենք մեր թանկագին Աւագ սրբազանը, եւ սիրաջերմ զգացումներով իրեն կը մաղթենք կենսառողջ եւ արդիւնաշատ բեղուն օրեր՝ ըսելով. «Վարձքդ կատար, մշակ բարի եւ յարգարժան»:
Պրն. Ճանոյեան, նկատի առնելով որ հրեշտակները տակաւին երկիր մոլորակ չեն իջած՝ փոխանակ «Հրեշտակ»ի ճիշտ չէ՞ր ըլլար գրել «Աւագ Արք. Ասատուրեան՝ Իրաքի Հայոց Պահապան Առաջնորդը»: