ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 14 Նոյեմբերին այցելեց Թալիշ գիւղ եւ ծանօթացաւ այնտեղ իրականացուող շինարարական աշխատանքներուն:
Երկրի ղեկավարը խորհրդակցութիւն ունեցաւ Թալիշի մէջ իրագործուող ծրագիրներուն վերաբերող հարցերու շուրջ՝ յստակ յանձնարարականներ տալով համապատասխան մարմիններու ղեկավարներուն:
Նոյն օրը, նախագահը այցելեց շարք մը զօրամասեր եւ ղարաբաղա-ատրպէյճանական սահմանի հատուածներէն մէկը, ծանօթացաւ զինուորներու ծառայութեան ընթացքին եւ անոնց առօրեային: