ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայ իրաւաբանական միութիւնը կը հաղորդէ, թէ Լոս Անճելըս շրջանէն իրաւաբան Գայիանէ Խեչումեան նշանակուած է միութեան գործավարը՝ ստանձնելով միութեան առօրեայ գործունէութիւնն ու համայնքային ձեռնարկները համակարգելու, ինչպէս նաեւ միութեան վարչութեան եւ զանազան յանձնախումբերու աջակցելու պարտականութիւնները։
Միութեան ատենապետ Սարօ Գերգոնեան կը յայտնէ, թէ Խեչումեան մօտէն ծանօթ է համայնքի կարիքներուն, եւ միութեան անդամներուն միջեւ կապերը դիւրացնելու կողքին՝ կարողութիւնը ունի յատկանշական ներդրում բերելու նոր անդամներ ներգրաւելու աշխատանքին մէջ։
Իր նոր պարտականութեանց կողքին, Խեչումեան պիտի շարունակէ մնալ Հայ իրաւաբանական միութեան փորձարարական դատավարութեանց ծրագիրի մարզիչներէն մէկը։
Խեչումեան իրաւաբանութեան վկայականը ստացած է «Լոյոլա» համալսարանէն՝ կեդրոնանալով միջազգային իրաւագիտութեան վրայ, եւ եղած է համալսարանի Իրաւաբանութեան հայ ուսանողներու միութեան ատենապետը։ Պատմութեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի լեզուներու եւ մշակոյթի ճիւղերուն մէջ պսակաւոր արուեստից վկայական ստացած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն, ուր հիմը դրած է նաեւ «Արմինիըն Քրոնիքըլզ» թերթին։ Ան եղած է նաեւ «Երեւան» թերթի խմբագիրներէն մէկը եւ աշխատած է ՄԱԿի քրէական ատեանին կողմէ Քամպոտիոյ ցեղասպանութեան գծով հետախուզութեանց ու Մարդկային իրաւանց միջամերիկեան յանձնաժողովին ներկայացուցած միջազգային դատավարութեան մը մէջ։