ԵՐԵՒԱՆ.- Տաւուշի մարզի հանրակրթական դպրոցներուն մէջ շատ ուսուցիչներ մանկավարժական բարձրագոյն կրթութիւն չունին: Այս մասին կը յայտնէ «Առաւօտ» լրատուականը: Շատ պարագաներու, ուսուցիչը կրթութեամբ մանկավարժ ըլլալով հանդերձ, կը դասաւանդէ ո՛չ իր ուսած առարկան:
Տաւուշի մարզպետարանի աշխատակազմի Կրթութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան վարչութեան առաջատար մասնագէտ Յասմիկ Խաչատուրեան այս առթիւ ըսած է, որ մարզի հանրակրթական դպրոցներուն մէջ մասնագէտներու պակաս կայ: Ան նշած է, թէ Տաւուշի մէջ ուսուցիչներու թափուր տեղերը լրացնելու համար, մարզպետարանը կը համագործակցի Երեւանի Պետական համալսարանին ու Աբովեանի անուան Պետական մանկավարժական համալսարանին հետ: