Յառաջիկայ 3 Նոյեմբերին Կալա-ընթրիքի մը ընթացքին տեղի ունենալիք յատուկ արարողութեամբ մը պիտի պատուուի անգլիագիր անուանի լրագրող Ռապըրթ Ֆիսքը:
Նշենք, որ Ֆիսքի պարգեւատրումը տեղի պիտի ունենայ Ամերիկահայութեան ամէնէն երկարակեաց անգլիատար պարբերականին՝ The Armenian Mirror Spectator-ի 85րդ տարեդարձի տօնակատարութեան ընթացքին:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (ՌԱԿ) հովանաւորութեամբ հրապարակուող պարբերականը իր հիմնադրման 85րդ տարեդարձի առիթով կազմակերպած է նաեւ սեմինար մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն միջազգային վարկ ունեցող տարբեր թերթերու աշխատակից հանրայայտ լրագրողներ:
Ֆիսք, որ կը համարուի հայութեան խնդիրներուն քաջածանօթ լրագրող մը, յատուկ սիւնակ մը կը վարէ Բրիտանական The Independant-ի մէջ, ուր հանդէս կու գայ միջին արեւելքի հիմնահարցերուն նուիրուած ազդեցիկ յօդուածներով:
Ան երկար տարիներէ ի վեր հաստատուած է Պէյրութ եւ տարբեր առիթներով ալ հայանպաստ թեմաներով տասնեակ յօդուածներու հեղինակ է: