ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Մեր բառերուն ամէնէն յարդարունը…
Ընդունիլ պէտք է. ճաշակաւոր յարդարեալ մըն է անիկա: Կը սիրէ շէնք-շնորհքը: Անոր զարդասէր նկարագիրը թէեւ չէ հասած պճնամոլութեան, սակայն լաւ գիտէ հանրութեան առջեւ գրաւիչ երեւիլ: Յարգելի ընթերցող, ո՛չ, գեղեցկուհիի մը մասին չէ, որ կը խօսինք, այլ՝ «արդ» բառին մասին: Հակառակ անոր որ անշուք միավանկ մըն է անիկա, միշտ ունեցած է մեծնալու զօրաւոր կիրք: Բազմազան օժանդակ տարրերու, ածանցումներու եւ բարդութիւններու շնորհիւ, անիկա յաջողեցաւ աւելի ճոխ եւ փարթամ երեւիլ, քան իր իսկութիւնը: «Արդ» բառին հոգեբանութիւնը վերլուծելու համար, այսօր պիտի խորանանք անոր արմատներուն մէջ, որմէ ետք կարելի պիտի ըլլայ հասկնալ, թէ ուրկէ՛ կու գայ զարդարանքի հանդէպ անոր հետաքրքրութիւնը:
Բառս բուն հնդեւրոպական է: Ունի յունարէն, լատիներէն եւ սանսկրիտ ծննդակից բառեր: Բոլորն ալ կը նշանակեն «կարգաւորութիւն, կազմութիւն, յօրինուածք, սարք, կարգ, կանոն, ձեւ»: Այս ստուգաբանութիւնը կը բաւէ ապացուցանելու, թէ անիկա հայոց լեզուի ամէնէն բարեկարգ բառն է: Ինչպէս հին դարերուն երիտասարդուհիները առանձինն չէին տեսնուիր հանրութեան մէջ ու միշտ կ՛ունենային ուղեկից պառաւ դայեակ մը, նոյնպէս եւ «արդ» բառի ամէն քայլափոխին անոր հետեւած են «յ» եւ «զ» մասնիկները: Առանց անոնց, հազուադէպ էր, որ այս անարդ բառը տեսնուէր հայկական գրականութեան մէջ, կամ բառարաններէն ներս: Սակաւաթիւ են այն բառերը, որոնց մէջ «արդ» արմատը անշպար է, ինչպէս՝ «արդել»՝ ձեւ տալ, «անարդ»՝ տձեւ, տգեղ, անձեւ, անկազմ, «արդուած»՝ ձեւաւորուած, «ծործորարդ»՝ գոգաւոր, «վիմարդ»՝ քարի պէս ամուր, «արդուկ»՝ այն գործիքը, որ տարազներուն հարթութիւն եւ բարեձեւութիւն կու տայ, ինչպէս նաեւ խորանի եւ հաւկիթի ձեւեր ունեցող երկու բառ՝ խորանարդ եւ ձուարդ: Մասնաւոր ուշադրութեան արժանի է «գմբէթարդ» բառը, միանաւ կամ եռանաւ եկեղեցիներու խորանը հովանաւորող այն կիսաշրջանաձեւ կառուցուածքը, ուր տեղ գտած կ՛ըլլան Քրիստոսի, Աստուածամօր կամ սուրբերու խճանկարները կամ որմանկարները: Ամէն արուեստասէր պիտի ուզէր տեսնել անոր տպաւորիչ մէկ օրինակը՝ Արուճի Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ նկարազարդ գմբէթարդը, որ ունի 7 մեթր բարձրութեամբ պատկերուած Քրիստոսը, ձախ ձեռքին՝ մագաղաթագալարով:
«Արդ» բառի բազմանդամ ընտանիքը գործածութեան մէջ տեսնելու համար, յարգելի ընթերցող, կը բաւէ Յունիս ամսուան երրորդ Շաբաթ օրը Սեւանայ լիճ ուղղուիլ, բարձրանալ Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ բակը, նստիլ քարի մը կամ խոտերուն վրայ ու դիտել «Հին Աստուածներ» թատերախաղի աշակերտական ու խիստ սիրողական այն ներկայացումը, զոր ամէնամեայ աւանդութեան վերածեր ենք: Այս տարի պատրաստած ենք Մարիամ իշխանուհիին եւ Յովհաննէս վանահօր տեսարանը: Քրիստինան «իշխանուհի»ն է, Շանթը՝ «վանահայր»ը: Երկու պատանիները եկեղեցւոյ մէջ են հիմա: Զբաղած են իրենց արդուզարդով: Լորենին մեր դիմայարդարն է, որ կը բարեզարդէ իշխանուհիին յօնքերն ու այտերը, թեթեւ կարմրութիւն մը կու տայ անոր դէմքին: Իսկ մեր բեմայարդարը աշխարհի առաջին եւ ամէնէն ստեղծագործ արուեստագէտն է՝ Ի՛նք, Արարի՛չը, Ան, որ մեր խաղին համար պատրաստած է բարձրադիր կապոյտ լիճ մը, կղզի մը անոր մէջ ու չորս կողմը ձիւնազարդ լեռներ: Ուշագրաւ են նաեւ տեսարանը ամբողջացնող կանաչազարդ բլուրները, տեսակաւոր թռչունները, լուռ սահող ամպերը եւ յետմիջօրէի զովացնող զեփիւռը:
«Արդ»ը «յ» մասնիկով մեր լեզուին տուաւ բազմաթիւ բառեր: Առաջինը կը մտաբերեմ, երբ աչքերս բարձրացնեմ դէպի խորան, «խորանայարդար»: Ապա, մի առ մի կը յայտնուին ուրիշներ. «խաչայարդար» ոսկերիչներ, «նուագայարդար» արհեստաւորներ, «փողոցայարդար» եւ «քաղաքայարդար» շինարարներ, «մարտայարդար» սպարապետներ, «սեղանայարդար» նաժիշտներ: «Երգայարդար» երաժիշտներու շնորհիւ ունեցանք հոգեպարար շարականներ, «գմբէթայարդար» եւ «տաճարայարդար» վարդապետներու շնորհիւ ունեցանք վայելուչ տաճարներ: Անշուշտ, պիտի յիշենք «դիմայարդար»ն ու «բեմայարդար»ը, ինչպէս նաեւ՝ «վարսայարդար», «մատնայարդար», «հանդիսայարդար» եւ «ճակատայարդար» բառերը: Պիտի չմոռնանք նաեւ «արտաքնայարդար» ածականը, որ ըստ երեւոյթին արդէն ժամանակավրէպ դարձեր է: Սակայն, այս հազուագիւտ բառը, որ կը նշանակէ՝ դուրսէն զարդարուած, դուրսէն մաքուր, մեր գրականութեան էջերուն մէջ ունի պատկերալից արտայայտութիւններ. «արտաքնայարդար առաքինութիւն», «արտաքնայարդար ձեւակերպութիւն», «արտաքնայարդար բացատրութիւն», «արտաքնայարդար բարեկարգութիւն»… Գրիգոր Նարեկացիի գրիչին կը պատկանի այն արտայայտութիւնը, զոր ան յօրինած է՝ մեղաւոր կեանք մը նկարագրելու համար. «արտաքնայարդար բաժակ անմաքուր»:
Պատրաստ են դերասանները: Կ՛ելլենք դուրս: Ամբողջ դասարանը նստած է գետին: Պիտի ներկայացնենք պատմութիւն մը, որ 1000 տարի առաջ տեղի ունեցած է ճի՛շդ այս վայրը, այս տաճարի շինարարութեան օրերուն: (Կը նկատենք նաեւ, որ մեր բեմայարդարը տեսարանին մէջ փոփոխութիւն մը կատարած է. կղզին վերածած է թերակղզիի)
Կը սկսի խաղը.
– Աստուծոյ օրհնութիւնը քու վրադ, իշխանուհի՛:
– Եւ քո՛ւ, հայր սուրբ: Ի՞նչ լուրեր վանքէն…
– Օր օրի կը լրանայ ու կը դառնայ տուն աղօթքի…
Երբ հեթանոս էին այս լեռներն ու կղզին, մեր լեզուն արդէն ունէր «արդ»ով ճոխացած բառապաշար. արդակ, արդակագոյն, արդակել, արդուած, արդիւնք, արդար, արդարեւ, անարդի…
Իշխանուհին, արդարամիտ կին, ունի խոստովանութիւն մը.
– Ճշմարտութի՛ւնը, վարդապե՛տ: Մենք այս եկեղեցին չենք շինած քու բարձրեալ Աստծոյդ համար, ինչպէս միշտ կրկներ ես. մի՛ խաբեր դուն քեզ. այս եկեղեցին շինած ենք մենք մեզի՛ համար, մեր սիրո՛յ աստծոյն համար:
Աստուածաշունչի թարգմանութեան օրերուն, մեր «արդ»ուած բառերը արձանագրուեցան մագաղաթի վրայ, յաւերժ զարդարելու համար հայոց լեզուն: Աստուածաշունչի թարգմանութեան մէջ «արդ» արմատը գործածուած է 1118 անգամ, «արդարութիւն»ը՝ 479 անգամ, «արդար»ը՝ 423 անգամ, «յարդարեալ»ը՝ 4 անգամ:
Լո՛ւռ է վանահայրը: Իշխանուհին արդար պատասխան կը սպասէ.
– Այո՛, այդ քու եկեղեցիդ նուիրուած է ո՛չ թէ Մարիամ Աստուածածինին, այլ՝ քու Մարիամ իշխանուհիիդ: Ըսէ՛, ճիշդ չէ՞…
Այս յանդիմանութենէն ետք, պատմութիւնը գալ շաբաթ պիտի ունենայ անակնկալ անկիւնադարձ մը, պառակտո՛ւմ մը: Իսկ «արդ» բառը պիտի գտնէ նոր գործակիցներ, ինչպէս՝ «զ» տառը, ու այդ համագործակցութիւններէն պիտի ծնին հարիւրաւոր զարդարուն գաղափարներ եւ անձեր: